Յարգանքի տուրք Գըրգ Գըրգորեանի` արտակարգ մարդու յիշատակին
Յունիս 15ին Գըրգ Գըրգորեանի մահէն ետք, հազարաւոր լրագրողներ ընդգծեցին անոր զարմանահրաշ նուաճումները գործարարական աշխարհի եւ հսկայ աւանդը բարեգործութեան բնագաւառին մէջ: Սակայն, այդ լրագրողները եր բեք չէին հանդիպած այս մեծանուն մարդուն, քանի որ ան հազուադէպ հարցազրոյցներ կու տար լրատուամիջոցներուն:
Գրեթէ երեք տասնամեակ աշխատելով Գըրգորեանի հետ որպէս «Լինսի» հիմնադրամի փոխ-նախագահ եւ Միացեալ Հայկական Հիմնադրամի նախագահ՝ կը ցանկանամ իմ անձնական յարգանքի տուրքս մատուցանել այս գթասիրտ ամերիկահայուն եւ հրաշալի անձնաւորութեան:
Շատ լաւ կը յիշեմ առաջին հանդիպումս Գըրգորեանի հետ: Անիկա տեղի ունեցաւ 1980ականներու կէսերուն, Պեվըռլի Հիլզի ճաշարաններէն մէկուն մէջ, հաւաքոյթի մը ժամանակ՝ ունեւոր հայերու փոքր խումբի մը հետ, որ կ՛աջակցէր նահանգապետ Ճորճ Տէոքմէճեանի վերընտրութեան: Ես հոն էի որպէս «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի խմբագիր: Երբ մօտեցայ անոր ներկայանալու համար, Գըրգորեան անմիջապէս ճանչցաւ զիս եւ ըսաւ, որ իմ շաբթական խմբագրականներու մշտական ընթերցողն է: Շատ զարմացայ եւ ինծի շոյուած զգացի…
Գըրգորեանի հետ իմ յաջորդ հանդիպումը կայացաւ Պեվըռլի Հիլզի անոր գրասենեակին մէջ 1989ի Նոյեմբեր 1ին` Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժէն 11 ամիս անց: Մենք քննարկեցինք հնարաւորութիւնը համախմբելու Ա.Մ.Ն.ի մէջ գործող եօթը խոշոր հայկական կազմակերպութիւնները, ներառեալ «Լինսի» հիմնադրամը` օդային ճանապարհով Հայաստանի մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու նպատակով: Գըրգորեան առաջարկեց վճարել ճանապարհային բոլոր ծախսերը եւ առատաձեռնօրէն խոստացաւ` ծածկել ոչ միայն այդ մէկ թռիչքին ծախսերը, այլ «հետագայ բոլոր թռիչքներուն, քանի դեռ Հայաստանը օգնութեան կարիք ունի»: Քանի մը օրուան ընթացքին ծնաւ Միացեալ Հայկական Հիմնադրամը, որ յաջորդ 25 տարիներու ընթացքին 158 թռիչքներով եւ 2250 ծովային արկղերով 700 միլիոն տոլար ընդհանուր արժողութեամբ մարդասիրական օգնութիւն հասցուց Հայաստանին եւ Արցախին:
1998 թուականին Գըրգորեան զիս հրաւիրեց՝ միասին մեկնելու Հայաստան եւ իր այդ առաջին ուղեւորութեան ժամանակ նախագահ Քոչարեանին խոստացաւ յատկացնել 100 միլիոն տոլար (աւելի ուշ՝ զայն բարձրացնելով մինչեւ 242 միլիոն տոլարի), որով կառուցուեցան կամ վերանորոգուեցան փապուղիներ (թունելներ), կամուրջներ եւ տասնեակ դպրոցներ Հայաստանի ու մէկը Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր քիլոմեթր մայրուղիներ, ճանապարհներ եւ փողոցներ, 34 մշակոյթի օճախներ ու թանգարաններ, 3700 բնակարան աղէտի գօտիին մէջ, եւ 20 միլիոն տոլարի վարկեր փոքր գործարարութեան համար: Այս ծրագիրները ոչ միայն զգալիօրէն նպաստեցին Հայաստանի ենթակառուցուածքներու բարելաւման, այլ նաեւ խիստ անհրաժեշտ աշխատատեղեր ապահովեցին 20 հազարէ աւելի աշխատողներու համար: Պարոն Գըրգորեան ինձմէ խնդրեց վերահսկել այս ծրագիրները որպէս «Լինսի» Հիմնադրամի փոխ-նախագահ:
Տարիներու ընթացքին Գըրգորեանի «Լինսի» Հիմնադրամը հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ նուիրաբերեց ամբողջ հայութեան, որոնց շարքին` 14 միլիոն տոլար Հայաստանի բնակչութիւնը, 1993ի խստաշունչ ձմրան, վառելանիւթով ապահովելու համար, 2006 թուականին 4,5 միլիոն տոլար Լիբանանի բոլոր 28 հայկական դպրոցներուն եւ միլիոնաւոր տոլարներ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին` Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրներու համար: Ըստ հաշուարկներու` 1989էն մինչեւ 2011 թուականները ինկած ժամանակահատուածին, «Լինսի» Հիմնադրամը նուիրաբերած է աւելի քան 1 միլիառ տոլար` հաւասարապէս բաժնուած հայկական եւ օտար բարեգործական կազմակերպութիւններու միջեւ:
Երբ «Լինսի» Հիմնադրամը 2011 թուականին փակեց իր դռները, անհիմն եւ կեղծ լուրեր սկսան շրջանառութեան մէջ դրուիլ փակման հնարաւոր պատճառներուն մասին: Փաստը այն է, որ պարոն Գըրգորեան նախատեսած էր, որոշակի տարիքի հասնելով, այլեւս չզբաղիլ ամէնօրեայ դիմումներու տարափով, որոնք կը ստանար ամբողջ աշխարհէն՝ ֆինանսաւորման օգնութեան խնդրանքով, իսկ անոր հարստութեան հիմնական մասը բաժնել յետ մահու:
Կը ցանկանայի աւարտել` նշելով այս նշանաւոր ամերիկահայու համակրանքներէն եւ հակակրանքներէն քանի մը հատը.
– Պարոն Գըրգորեան մեծապէս դժգոհ էր ներ-հայկական պառակտումներէն: Ան անվերջ կը վշտանար, որ հայերը իրարու հետ անհամերաշխ են եւ յաճախ կ՛ըսէր.- «Ինչո՞ւ չեն կրնար միաւորուիլ ու շարժիլ միեւնոյն ուղղութեամբ»: Ան ուրախ էր, որ Ա.Մ.Ն.ի մէջ գործող եօթը խոշոր հայկական կազմակերպութիւններ կ՛աշխատին միասին` Միացեալ Հայկական Հիմնադրամի հովանիին տակ:
– Ան խիստ կը մտահոգուէր Հայաստանի ժողովուրդի թշուառ վիճակով եւ մշտապէս կ՛անհանգստանար արտագաղթով: Ան կը ձգտէր աշխատատեղեր ստեղծել, որպէսզի հայերը չլքեն իրենց Հայրենիքը:
– Ան չէր սիրեր ըլլալ ուշադրութեան կեդրոնին եւ երբեք թոյլ չէր տար իր անուամբ որեւէ կառոյց կամ հաստատութիւն կոչել:
– Ան չափազանց հարուստ էր, բայց շատ համեստ կեանքով կ՛ապրէր եւ կը խօսէր մեղմ ու քաղաքավար: Ան կը նախընտրէր, որ մարդիկ իրեն դիմեն անունով` Գըրգ, այլ ոչ թէ պարոն Գըրգորեան:
Վերջապէս, ոչ ոք կը յուշէր Գըրգին՝ գումար նուիրաբերել պատեհ առիթներով: Ան յաճախ իր կամքով մեծ նուիրատուութիւններ կ՛ընէր` առանց խնդրանքի:
Հայ ժողովուրդը եւ համայն աշխարհը անոր երախտիքի մեծ տուրք ունին հատուցանելու:
Յարութ Սասունեան