Հարցազրոյց Լաւալի քաղաքապետարանի ընտրութիւններու թեկնածու Արամ Էլակէօզի հետ

«Լաւալի քաղաքապետարանին մէջ հայ անդամ ունենալով դիւրացուցած կ’ըլլանք մեր ժողովուրդին շահերն ու պահանջները, ինչպէս նաեւ Հայ Դատը հետապնդելու գործընթացը»

Հ.- Պարո՛ն Արամ, Լաւալ քաղաքի յառաջիկայի քաղաքապետարանի ընտրութիւններուն ձեր թեկնածութիւնը առաջադրած էք, խնդրեմ յայտնեցէք, թէ ի՛նչ ընթացքով պիտի ընթանան սոյն ընտրութիւնները, եւ Լաւալի ո՛ր շրջանը կ’ընդգրկէ ձեր թեկնածութեան տարածաշրջանը:

Ա.Է.- Ընտրութիւնները պիտի ընթանան երկու հանգրուանով. առաջին հանգրուանին նոյն տարածաշրջանին համար հինգ թեկնածուներ առաջադրուած են, որոնցմէ մէկը ես եմ: Իւրաքանչիւր թեկնածու պէտք է անդամներ հաւաքէ, որոնք ընտրութիւններուն օրը պէտք է ներկայանան եւ իրեն քուէ տան: Հետեւաբար ես այժմ անդամագրութեամբ զբաղած եմ, որպէսզի առաւելագոյն թիւով անդամներ կարենամ ապահովել իմ տարածաշրջանիս մէջ: Յուլիս 30-ին կայանալիք ընտրութիւններուն եթէ մեծամասնութեան ձայներուն տիրանամ, կ’անցնիմ երկրորդ հանգրուան՝ Նոյեմբերին կայանալիք ընդհանուր Լաւալի քաղաքապետարանի ընտրութիւններուն:

Իսկ տարածաշրջանին անունն է Renaud, որուն սահմաններն են արեւմուտքէն Curé Labelle պողոտան, արեւելքէն թիւ 19 մայրուղին, հարաւէն Saint Martin պողոտան եւ հիւսիսէն թիւ 440 մայրուղին:

Հ.- Ընտրուելու պարագային ի նպաստ գանատահայութեան մասնաւորապէս եւ հայ ժողովուրդին՝ ընդհանրապէս ի՞նչ ծրագիրներ ունիք իրագործելիք:

Ա.Է.- Գանատահայութեան կամ ընդհանուր առմամբ հայութեան վերաբերող հարցերուն հետապնդումը պէտք է կատարուին բոլոր մակարդակներուն վրայ, որովհետեւ պետական բոլոր կառոյցները իրարու շղթայուած են ի վերջոյ. այսինքն՝ հարցերու հետապնդումը կը սկսի քաղաքապետարանի մակարդակէն հասնելով մինչեւ Քեպէգի ապա Գանատայի խորհրդարանական մակարդակի: Նկատի ունենալով որ Լաւալի մէջ մօտաւորապէս 15000 հայ կ’ապրի, հետեւաբար քաղաքապետարանին մէջ հայ անդամ ունենալը իսկապէս կարելի է իրագործում նկատել, ոչ թէ անձնական մակարդակով, այլ ընդհանուր մեր ժողովուրդի շահերը հետապնդելու տեսանկիւնէն:

Չլուծուած խնդիրներ շատ ունինք, որոնք լուրջ հետապնդումի կը կարօտին, տեղական մակարդակով՝ Հայ կեդրոնին վերաբերեալ, յուշարձանին կամ ընդհանրապէս գանատահայութիւնը յուզող հարցերուն վերաբերեալ, ասոնց կողքին նաեւ նկատի ունենալու ենք մեր ժողովուրդին ընդհանուր շահերն ու հայրենիքի, սփիւռքի, Արցախի եւ այլ հարցերու վերաբերեալ դրական կեցուածք եւ աջակցութիւն ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:

Լաւալի քաղաքապետարանին մէջ հայ անդամ ունենալով դիւրացուցած կ’ըլլանք մեր ժողովուրդին շահերն ու պահանջները, ինչպէս նաեւ Հայ Դատը հետապնդելու գործընթացը:

Հ.- Ձեր ընտրարշաւին միայն հայե՞րը նկատի ունիք, եւ ինչպէ՞ս էր յատկապէս լաւալահայութեան ընդունելութիւնը:

Ա.Է.- Սկիզբը անշուշտ մեր հայրենակիցներուն մօտեցայ, որոնց թիւը ընտրական իմ տարածաշրջանիս մէջ անկեղծօրէն այդքան ալ շատ չէ: Երեք տեսակի մօտեցում կար. առաջինը՝ շատ քաջալերական էր, որովհետեւ շատեր իրենց ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեցին, որ վերջապէս Լաւալի քաղաքապետարանը հայ թեկնածու պիտի ունենայ, անոնք քաջալեր հանդիսացան եւ յոյսով են, որ հայ թեկնածու ունենալով պիտի կարենանք աւելի արդիւնաբեր աշխատանք տանիլ հայութեան եւ Հայ Դատին ի նպաստ: Երկրորդ մօտեցումը անտարբերութիւնն էր, որով մարդիկ բոլորովին անտարբեր էին եւ բնաւ չէին հետաքրքրուած սոյն ընտրութիւններով, բայց ամենացաւալին երրորդ մօտեցումն էր, որ բոլորովին ժխտական էր, երբ մարդիկ բացարձակապէս չեն համոզուած եւ չեն հաւատար, որ հայ անդամը կրնայ իսկապէս դրական անդրադարձ ունենալ հայ ժողովուրդին շահերը հետապնդելու հարցով: Սակայն ես բնաւ չեմ յուսահատած, այլ յոյսով եմ, որ մեր հայրենակիցներուն մեծամասնութիւնը ներկայ պիտի ըլլայ ընտրութիւններուն եւ քուէարկէ, որովհետեւ անդամագրուիլը բաւարար չէ, այլ հարկ է անպայման ներկայանալ եւ քուէարկել:

Ընտրարշաւիս յաջորդ հանգրուանը եղաւ այլ համայնքներէ ալ անդամներ հաւաքել: Կապեր ունիմ լիբանանցիներու եւ յոյներու հետ, որոնցմէ յատկապէս լիբանանցիներուն ընդունելութիւնը քաջալերական է: Լիբանանցիները ընդհանրապէս քաղաքականութեամբ հետաքրքրուած են, այդ պատճառով ալ կը հաւատան, որ թեկնածու ունենալն ու ընտրութիւններու մասնակցիլը անհրաժեշտ են:

Հ.- Գալով Հայ Դատի աշխատանքներուն, տարիներէ ի վեր կը գործէք Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբին մէջ. հակիրճ ձեւով կրնա՞ք ներկայացնել յանձնախումբին իրագործումները ձեր անդամակցութենէն ի վեր:

Ա.Է.- Մօտաւորապէս 15 տարի է, որ անդամ եմ Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբին, կրնամ ըսել, որ ես առաջին քաջալերողն էի ցեղասպանութիւն ապրած այլ ազգերու հետ համագործակցութիւնը: Այդպիսով կարելի եղաւ սերտ յարաբերութիւններ մշակել հրեաներու, յոյներու եւ ասորիներու հետ, որուն շնորհիւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին Գանատայի խորհրդարանին կողմէ 24 Ապրիլը հռչակուեցաւ ցեղասպանութեանց յիշատակման օր: Բոլոր մակարդակներու վրայ միշտ համագործակցութիւնն ու կազմակերպուած աշխատանքը դրական արդիւնքներու կը հասցնեն մեզ, հետեւաբար Հայ Դատի յանձնախումբը վերջին տարիներուն այս գործընթացով կը ծրագրաւորէ իր աշխատանքները:

Հ.- Ի՞նչ ըսելիք ունիք «Հորիզոն»ի ընթերցողներուն:

Ա.Է.- Կ’ուզեմ ըսել լաւալահայութեան, որ քաջալերուին եւ անվարան իրենց քուէն տան ինծի, որպէս հայ թեկնածու: Նշեմ, որ նախապէս հայ թեկնածուներ ունեցած է Լաւալը, սակայն դժբախտաբար չեն ընտրուած: Յոյսով եմ, որ այս անգամ մեր ժողովուրդը, գիտակցելով իր ազգային պարտաւորութեանց, քաջալեր կը հանդիսանայ ինծի:

Ուրեմն կոչ կ’ուղղեմ Renaud շրջանի հայութեան, որ շուտով կապուին հետս հեռաձայնելով 514-963-7464 թիւիս:

Հարցազրոյցը վարեց՝ Սոնա Թիթիզեան-Կէտիկեան

Նշենք, որ Renaud շրջանի postal code-երն են.

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.