Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի Նախակրթարանի Աշակերտները «Կը Յիշեն եւ Կը Պահանջեն»

 

Մէկ Դար Անցաւ

Մէկ դար անցաւ,

Այդ ալ ի՞նչ դար,

Տխուր տրտում,

Լաց ու կոծով.

Ամէն հայու

Սրտի ցաւը

Վիշտը ձգած

Իր հետքերը։

Բայց կը բաւէ տառապանքը,

Եկաւ պահը մեր պայքարի

Ոչ թէ սուրով, արդարացի մեր պահաջով։

Պահանջելով մեր հողերը, տունն ու տեղը

Ոտքի ելլենք քանի ուշ չէ.

Ու ետ առնենք այն ինչ որ մերն է։

Վառ պահելով յիշատակը,

1.5 միլիոն անմեղներու յիշատակը։

Նունէ Նազարեան

3բ.

Հայրենիք

Հայ եմ ես

Մասիսի լերան պէս

Ես զօրաւոր եմ

Քաջ Վարդանի պէս։

Մեր հայրենիքը շատ քնքոյշ

Ծաղիկներու պէս անոյշ

Հայրենիքի հողը աննման

Ադամանդի նման թանկագին:

Լոռի Պայրագտարեան

3ա.

Խոր Սուգ

Այսօր եղաւ 100 տարի,

Մեր հայերու խոր սուգին

Բայց ալ վերջացաւ սուգը

Հիմա ժամանակն է յաղթանակի։

100 տարի լռեցինք,

Մեր ձայնը չգործածեցինք,

Լալագին եւ տխուր խորհեցանք

Բայց՝ ալ ժամանակն է մեր ձայնը բարձրացնենք,

Յիշելու եւ չմոռնալու։

Գարօլին Էրօղլըսրը

3բ.

Մենք Մեր Հողերը կը Պահանջենք

Մենք մեր հողերը կը պահանջենք,

Հայ մնալու համար, ուրիշ ի՞նչ կրնանք ընել։

Մեր երկիրը, մեր լեզուն,

Մեր հայրենիքը մեր Սասուն։

Պիտի երգենք, պիտի պարենք,

Ուրախութեամբ պիտի լուծենք։

Սուրբ Էջմիածին, հսկայ Արարատ,

Աւելի անոյշ ի՞նչ կայ հայրենիքէն զատ։

Քրիստինա Րէֆանիս

3բ.

 Հարիւրամեակ

Կանգնած այսպէս հարիւրամեակի սեմին,

Արցունքով կը յիշեմ ու կը պատուեմ մեր պապերին,

Որոնք վասն իրենց լեզուին ու կեանքի հաւատքին,

Նահատակուեցան ձեռքերովն անգութ թուրքին։

Ու տակաւին այդ գազանը կը շարունակէ իր մեծ ջարդը,

Չընդունելով իր ոճիրը ան կը հեգնէ պատմութիւնը,

Ու ես պզտիկ հայ մանչուկ մը կը զարմանամ անարդարութեան,

Ինչպէս նաեւ աշխարհի կուրութեան։

Վրէժս պիտի ձգեմ Աստուծոյ ձեռքին,

Ու յառաջանամ լուսաւոր ապագային

Նոյնիսկ երբ մենք ծերանանք

«Կա՛նք  պիտի լինե՛նք ու դեռ շատանանք»։

Արմէն Մարտիկեան

3ա.

Հպարտ Հայ

Ես եւ դուն, դուն եւ ես,

Մենք հպարտ ենք հայու պէս,

Հայաստանը սիրահար,

Թող հոն մնայ շատ երկար։

Մենք մեր դպրոցը կը սիրենք

Եւ ուսուցչուհիներուն կը յարգենք

Որ մեզի շատ կը սորվեցնեն

Հայաստանի եւ հայոց պատմութեան մասին

 Մարիա Նաւասարդեան

Հարիւրամեակ

Հարիւր Ամեակը կը նշենք

Մեր նախահայրերը կը յիշենք,

Բայց կը շատնանք ու դեռ կ՚ապրինք,

Հարիւր տարի տոկացինք։

Թուրքերը փորձեցին մեզ անհետացնել

Բայց մենք եղանք յաղթական,

Կը խօսինք ու կը կարդանք հայերէն,

Ու Հայաստանը շատ կը սիրենք։

 Թենի Մուշեան

Մենք Մեր Հողերը Կ՚ուզենք

Մենք մեր հողերը կ՚ուզենք

Մեր ամենէն թանկագին բանն է,

Չփորձէք զայն մեզմէ խլել։

Մեր սուրբ պապերուն կմախքները,

Մեր մէջն է Արարատ լեռը,

Մեր հողերուն վրայ է։

Մենք պատերազմ չենք ուզեր,

Մենք մեր զոհերը կ՚ուզենք,

Արդար եղէք ետ տուէք։

Սամ Մահտէսեան

բ. դասարան

 Ապրիլ 24

Հարիւր տարիներ է մինչեւ այսօր, բոլոր հայեր,

Կը յիշենք սեւ յիշատակը ապրիլեան,

Մէկ ու կէս միլիոն զոհեր մեռան,

Փրկելու հոգին հայութեան։

Այս օրը պիտի չըլլայ սեւ տխրութեան օր.

Այլ Գարուն զուարճութեան,

Քանի մենք ենք յոյսը,

Ե՛ւ ապագան արդարութեամբ։

Ուինոլա Իսկէնտէրեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.