Մոնթրէալի Ճեմարանականներու հաւաք

 

Շաբաթ 21 Մարտ 2015-ին Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Ա. Ահարոնեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Պանիրի եւ Գինիի» երեկոյ մը կազմակերպուած Մոնթրէալի Ճեմարանականներու Վարչութեան կողմէ։

Բարի գալուստի եւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վարչութեան ատենապետ՝Սերժ Եսայեան. Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ որ այս ձեռնարկով Մոնթրէալի Ճեմարանականներու Վարչութիւնը յետ այսու պաշտօնապէս

գործունեայ պիտի ըլլայ իր անուանացանկին վրայ ունենալով 228 Ճեմարանականներ։ Ան նաեւ յիշեցուց ներկաներուն թէ 3 Մարտ 1930-ին Համազգային Ընկերութեան հիմնադրութենէն երկու տարի ետք կը բացուի Հայ Ճեմարանը  Լիբանան Պէյրութ, վարձու շէնքի մը մէջ 15 աշակերտներով որուն թիւը նոյն տարուան վերամուտին կը բարձրանայ 60-ի։ 1950-ին Փալանճեան քոյրերուն նուիրատոււութեամբ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն հանգանակուած գումարներու շնորհիւ կը սեփականացուի Զոքաք Էլ Պլաթի կալուածը։ Հայ Ճեմարանը այնուհետեւ կը կոչուի « Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարան»։ Վարչութեան ատենապետը նաեւ յիշեցուց ներկաներուն թէ 2015-ը կը հանդիսանայ Ճեմարանի հիմնադրութեան 85-ամեակը որուն յոբելեան տօնակատարութեան թուականը Մոնթրէալի մէջ շուտով պիտի յայտարարուի։

Ճեմարանի հիմնադրութեան 85 ամեակի առթիւ Արսլանեան Փալանճեան Ճեմարաններուն տնօրէն՝ Պրն. Տիգրան Ճինպաշեանին խօսքը ուղղուած Մոնթրէալի Ճեմարանականներուն երիզի միջոցով ցուցադրուեցաւ ներկաներուն ապա իրենց սիրայօժար մասնակցութեամբ գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան Անահիտ Թորոսեան Պալեան՝ ասմունք, Նարեկ Ղազարեան՝ ասմունք, Սարին Գրաճեան՝ դաշնամուր, Լիա Սապպաղեան՝ դաշնամուր, եւ Նայիրի Փիլոյեան ջութակ ընկերակցութեամբ Խաչատուր Ղազարեանին դաշնամուրի վրայ։

Գեղարուեստական յայտագրին յաջորդեց վիճակահանութիւն. Վիճակաձգութեան պարգեւներէն յիշենք Պրն. Գառնիկ Բանեանի «Յուշեր, Անթուրայի Որբանոցը» եւ Isabelle Estournet-Djehizian-ի «Momig» գիրքերը, Պրն. Նարեկ Տուրեանի մենախօսութեան ելոյթի 2 տոմսեր կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղին, Համազգայինի «ԱՆԻ» պարախումբի ելոյթին 2 տոմսեր ինչպէս նաեւ արժէքաւոր այլ նուէրներ։

Այս մթնոլորտէն խանդավառուած Համազգայինի Ճեմարանին նուիրատուութիւններ կատարուեցան։

Ձեռնարկի աւարտին ընկերային մթնոլորտը խանդավառեց DJ. Գէորգ Գէորգեանը։

    Մոնթրէալի ՃեմարանականներուՎարչութիւն

 Մոնթրէալի Ճեմարանականներու Վարչութեան կազմը՝

Անի Շահինեան                            Խորհրդատու

Նորա Յովհաննէսեան                 Խորհրդատու

Մարալ Քէչէպաշեան                   Խորհրդատու

Օրօր Աղասարգիսեան                Խորհրդատու

Յակոբ Թորոսեան                        Խորհրդատու

Սեւակ Գլպաշեան                       Յարաբերական, Կայք էջ, Դիմատետր եւ մամուլ

Սարգիս Դաւիթեան                    Հաշուապահ

Սապին Աճեմեան                        Ատենադպրուհի

Արսինէ Տաղտեւիրեան Փոխ     Ատենապետ

Սերժ Եսայեան                             Գանձապահ եւ Ատենապետ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.