Տիգրանակերտի մէջ իբրեւ Դաշնակցական ձերբակալուած բոլոր հայերը սպաննուած են. «Հայաստան», 15 Յուլիս 1915
- (0)

Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերագրութիւններու աղբիւր եղած է Սոֆիայի «Հայաստան» եռօրեան, որ հրատարակուած է 1915-ի Մարտէն մինչեւ նոյն տարուան Սեպտեմբերը եւ հետագային՝ 1919–1925։ Ստորեւ կը հրապարակենք 15 Յուլիս 1915-ի թիւէն կարճ լրատուութիւններ.
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱԼԱԾԱՆՔԸ ՆՈՐ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՊՈԼԻՍ, 9 Յուլիս.- Վարդգէս եւ Զօհրապ Հալէպէն ճամբայ հանուած են դէպի Տիգրանակերտ. այնպէս որ ճիշդ չէ այն լուրը՝ թէ Զօհրապ կը վերադառնայ եղեր Պոլիս:
Երէկ յանկարծ ձերբակալեցին ծանօթ վաճառական Հաճի աղա Իբրանոսեանը եւ կեսարացի վաճառական Գալթաքճեանը: Կ’ըսուի թէ ուրիշ 30 հոգի ալ պիտի բռնեն:
Կարնեցի վաճառականներէն Հրանդ Աղաջանեան, որ Պոլիսէն Այաշ ու յետոյ դարձեալ Պոլիս՝ պատերազմական ատեան փոխադրուած էր, սարսափելի տանջանքներու կ’ենթարկուի: Առջի օր ծեծի տակ փորձեր են ստորագրել տալ թուղթ մը թէ՝ Խաժակ, Ակնունի, Զարդարեան եւ միւսները կարգադրած են կամաւորներու գործը, զէնքերու փոխադրութիւնը եւ այլն: Մարդը մինչեւ այսօր մերժած է ստորագրել այդ ահաւոր կեղծիքը: Անվնաս մարդ մըն է, ու զարմանալի է, որ այդքան կը ծանրանան իր վրայ:
ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄՈՒՇԻ ՄԷՋ
ՄՈՒՇ, 10 Յունիս.- Եթէ Մշոյ դաշտը, միւս հայաբնակ վայրերու հետ բաղդատելով, ցարդ քիչ վնասներ կրած էր, վերջերս նոյնպէս ենթարկուեցաւ համատարած սարսափին: Զանգուածային սպանութիւններ` կառավարութեան կողմէ, թալան ու աւեր՝ քրդերու կողմէ: Ու այս բոլորին գլխաւոր հեղինակը Իթթիհատի անդամ ոճրագործ Հիլմին է, որ Կարինէն եկած է հոս: Ահաբեկուած ժողովուրդը կը քաշուի Սասունի լեռները:
Վերին Սասունի, Ալիխանի, Տիգրանակերտի, Կարինի հայութեան մեծ տոկոսը ջարդուած կամ ցրուած է: Ջարդուած են Բաղէշի եւ Խնուսի հայ գիւղերը:
Թուրք թէ քուրդ ազգաբնակութիւնը բոլորովին յոյս չունի թուրք բանակի յաջողութեան: Դաշտի հիւսիսային մասի քրդերը պատրաստուած են քաշուելու Բռնաշէն, Խոյթ, Մոտկան լեռներու մէջ: Մուսա եւ Ղասըմ չարագործները նոյնպէս կը պատրաստուին գաղթել, երբ ռուսերը մօտենան: Տեղիս պաշտօնեաները իրենց ընտանիքները արդէն ներսերը ղրկած են:
Մուհաճիրներու ահագին կարաւանը, որ Բաղէշով Փոքր Ասիոյ ներսը պիտի անցնէր, կը վերադառնայ դէպի Ճապաղջուր եւ Տիգրանակերտ:
ՈՃԻՐԸ Կ’ԻՇԽԷ
Կ’իմանանք, որ Տիգրանակերտի մէջ իբրեւ Դաշնակցական ձերբակալուած բոլոր հայերը սպաննուած են:
ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆ ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ՄԷՋ
Թուրք կառավարութեան գազանութիւնները Սեբաստիոյ խաղաղ ազգաբնակութեան համբերութեան բաժակը լեցուցին եւ ըմբոստութեան մղեցին զայն:
Առ այժմ՝ մանրամասնութիւնները կը պակսին: Յայտնի է միայն որ Շապին-Գարահիսարը եւ շրջակայ բոլոր գիւղերը մոխրակոյտի վերածուած են:
Ըմբոստութիւնը կը շարունակուի: