Գրիգորիս Եպս. Պալաքեանի «Հայոց Գողգոթան»
Գրիգորիս Պալաքեան Ծնած 1876-ին։ Պալաքեան եղած է իր սերունդի հայ առաջատար մտաւորականներէն: Գերմանիոյ մէջ ուսանելէ ետք, 1901-ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն եկեղեցական եւ կը ծառայէ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ՝ իբրեւ պատուիրակ Եւրոպայի եւ յատկապէս Ռուսիոյ համար: Ան հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու, որոնցմէ քանի մը հատը կը բռնագրաւուին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ 1915-ին, քանի մը հատն ալ կորած են այդ տարուան իրադարձութիններու հետեւանքով: Ան հետագային դարձած է Հարաւային Ֆրանսայի առաջնորդ եպիսկոպոսը: Մահացած է 1934-ին՝ Մարսէյի մէջ:
Իր հեղինակած «Հայոց Գողգոթան» ականատեսի ցնցիչ պատումն է նորագոյն դարերու առաջին ցեղասպանութեան:
Ապրիլ 24-ին, Գրիգորիս վրդ. Պալաքեան կը ձերբակալուի Կոստանդնուպոլսոյ հայ համայնքի շուրջ 250 այլ մտաւորականներու եւ ղեկավարներու հետ: Այս ձերբակալութիւնը Պալաքեանի համար սկիզբն էր չորս տարուան անսահման տառապանքի, որուն ընթացքին ան պիտի դառնար արիւնալի դէպքերու ականատեսն ու մասնակիցը:
Գ. Պալաքեան իր աչքերով կը տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս իր հայրենակիցները կը ղրկուէին կառքերով, աւանակներու վրայ կամ քալելով, ենթարկուելու անխուսափելի մահուան՝ Հիւսիսային Սուրիոյ անապատներուն մէջ: Շատերը պիտի չկարենային նոյնիսկ գոյատեւել մինչեւ այդ ուղեւորութեան վերջը՝ զոհ երթալով քաղցի, հիւանդութիւններու, մարմնային անդամահատումներու, բռնաբարութիւններու եւ այլ չարչարանքներու, նախքան մարդասպանութեան ենթարկուիլը՝ ճամբուն վրայ:
Հայ վարդապետը կենդանի պատկերներով կը ներկայացնէ վերապրողներու, օտար ականատեսներու, կոտորածներուն մասնակից դարձած թուրք պաշտօնատարներու գործերն ու խօսքերը, ինչպէս նաեւ բուռ մը քաջասիրտ ու արդարամիտ թուրքերու, որոնք, Պաղտատի երկաթագիծին վրայ աշխատող կարգ մը գերմանացի պաշտօնեաներու հետ, դիմադրութիւն ցուցաբերեցին հայերը սպանելու հրահանգներուն: Պալաքեան կը յաջողի մազապուրծ ազատիլ. անտառներու մէջէն ու լեռներու վրայով, ծպտուած իբրեւ երկաթագիծի աշխատող, ապա՝ իբրեւ գերմանացի բանակային: Պալաքեանի փախուստը սահմռկեցուցիչ ոդիսական մըն է, որուն համար իր վկայութիւնը եզակի արժէք ունի: