Հրապարակուած Է Էրզրումի Հայերու Բռնագաղթի Տեսարան Մը Պատկերող Լուսանկար
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հրապարակած է Էրզրումի հայերու բռնագաղթի տեսարան մը պատկերող լուսանկար՝ «100 լուսանկարչական պատմութիւններ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին» յատուկ նախագիծով:
Լուսանկարին մէջ՝ դէպի Միջագետք Էրզրումի հայերու բռնագաղթի մէկ դրուագն է՝ արձանագրուած Սուշեհիր գիւղաքաղաքին մօտ: Լուսանկարիչը աւստրիացի կենսաբան Վիքթոր Փիչմանն է (1881-1956 թթ.): Գերմանական կառավարութեան յանձնարարականով, ան 1914 թուականէն սկսեալ մինչեւ Առաջին աշխարհամարտի աւարտը Էրզրումի մէջ կը կազմակերպէ թրքական լեռնահրաձգային զօրամասեր, նոյն ատեն գերմանական Գլխաւոր ղեկավարման մարմինին համար կը քարտէսագրէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւնները: Ճամբորդելով եւ հաւաքչական աշխատանքներ կատարելով Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, ան կը յաջողի լուսանկարել հայերու բռնագաղթի տեսարանները:
Ուշագրաւ է, որ Վ. Փիչմանի լուսանկարներուն մէջ բռնագաղթեալներու շարքերուն մէջ տղամարդիկ չեն երեւեր. միայն կիներ են՝ իրենց երեխաներուն հետ: Հայ տղամարդոց մեծ մասը այդ ընթացքին արդէն սպաննուած էր:
Էրզրումի նահանգի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութիւնը սկսաւ 1915ի Յուլիսի սկիզբները: Պատմական աղբիւրները եւ վերապրողներու վկայութիւնները կը փաստեն Էրզրումի հայութեան դաժան ճակատագիրին մասին։ Կարին (Էրզրում) քաղաքէն եւ շրջակայ գիւղերէն շուրջ 35-40 հազար հայ տեղահանուեցաւ Դերջան, Երզնկա, Սեբաստիա (Սվազ), ընդհուպ՝ Տէր Զօրի անապատ, անոնցմէ շատ քիչերը կրցան փրկուիլ:
Բռնագաղթեալ հայերուն շարասիւնը կոտորուեցաւ տակաւին գաղթի ճամբուն վրայ. տղամարդիկ գնդակահարուեցան, կացինահարուեցան խումբերով, կիները բռնաբարուեցան ու սպաննուեցան կամ տարբեր հիւանդութիւններէ, ծարաւէ, հիւծախտէ կը մահանային ճամբուն վրայ, իսկ առանձին ու անօգնական մնացած երեխաներն ու տկարները անխուսափելիօրէն կը դատապարտուէին մահուան:
«Հայ կիները, երեխաները, ծերերը կը սպաննէին այրելով ու թրատելով, կը խեղդէին գետերուն մէջ, կը գնդակահարէին խումբերով, ժայռերէն կը գլորէին խոր վիհերը: Սովալլուկ ու ցրտահարած մարդիկ մահուան կը դատապարտուէին՝ դաժան կտտանքներու ենթարկելով:
Հազարաւոր գաղթական հայեր կը մեռնէին ճամբուն վրայ եւ գաղթակայաններուն մէջ՝ համաճարակներէն. Էրզրումի եւ Բասենի հարթավայրերու բնակիչները՝ կանայք, երեխաներ ու ծերեր, տեղահանուած էին իրենց գիւղերէն եւ հարկադրաբար պիտի հասնէին Միջագետք»։ Այս տողերը գրած է Էրզրումի մէջ Գերմանիոյ փոխհիւպատոս Մաքս Էրվին Ֆոն Շոյպներ-Ռիխտեր, 1915 թուականին։
Լուսանկարին աղբիւրը՝ «Բնութեան պատմութեան թանգարան», Վիեննա, Աւստրիա։ «100 Լուսանկարչական Պատմութիւններ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին» գիրքէն։