«Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը պահանջենք նախ մե՛ր ժողովուրդին համար, ապա ամբողջ մարդկութեան համար». Կարօ Փայլանի ելոյթը Մոնթրէալի մէջ

«Ես յաճախ ուզած եմ յայտնել մեր ժողովուրդին, որ հայ ժողովուրդին իրաւունքներուն մասին ձայն չբարձրացնելն ու լռութիւնը պահելը ապահովութեան երաշխիք չեն կրնար հանդիսանալ Թուրքիոյ մէջ մեր ժողովուրդին»

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Շրջանային Հայ Դատի յանձնախումբին, կազմակերպութեամբ Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ մարմնին, 1 Մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ եւ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) պատգամաւոր Կարօ Փայլանի ելոյթը՝ «Թուրքիոյ ներկայ իրավիճակին եւ մասնաւորաբար հայերու եւ այլ փոքրամասնութիւններուն մասին» նիւթով, ներկայութեամբ Մոնթրէալի հայ համայնքի հոգեւոր հայրերու, միութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու, պետական անձնաւորութիւններու եւ օտար հիւրերու:

Մարզասրահին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութիւնը յոտնկայս եւ ծափողջոյններով դիմաւորեց հայ երեսփոխանը: Ձեռնարկին բացումը կատարեց օրուան բեմավար Ռաֆֆի Երէցեան, որմէ ետք Օթթաուայի Հայ Դատի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով, ապա ցուցադրուեցաւ տեսաժապաւէն մը Կարօ Փայլանի Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթներուն եւ տարած գործունէութեանց մասին:

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխանը բեմ բարձրանալով ողջունեց բոլոր ներկաները, ապա յայտնելով իր ոգեւորութիւնը Մոնթրէալ ժամանելուն առիթով, գնահատեց մոնթրէալահայութիւնը, որ տարիներու ընթացքին կերտած է հայ գաղութ եւ կառուցած՝ հայկական կառոյցներ:

Ան ելոյթին նիւթին անդրադառնալով յայտնեց. «Թաքսիմի մէջ, անցեալ շաբաթ, երբ կը նշէինք Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ ամեակը, թուրք զինուորական գրասենեակի պաշտօնեան մօտեցաւ ինծի եւ յայտնեց, թէ «ցեղասպանութիւն» բառը արտասանելու պարագային, հետեւանքները շատ ծանր պիտի ըլլան: Ճիշդ ինչպէս նախապէս պատահեցաւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, երբ կը պնդէի, թէ 102 տարի առաջ պատահածը ցեղասպանութիւն էր, որ կը շարունակուի առ այսօր, երբ յայտնեցի իրենց, թէ 102 տարի առաջ Թուրքիա գործեց այդ սխալը, նոյն սխալը եկէք չկրկնենք»: Փայլան շարունակելով աւելցուց, թէ եթէ այս ժխտողական կեցուածքը շարունակուի՝ Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւնները ունին երկու այլընտրանք. կա՛մ յաւիտեանս լռել եւ կա՛մ պայքարիլ, որոնք երկուքն ալ, սակայն, հարթ ճանապարհներ չեն: «Ես յաճախ ուզած եմ յայտնել մեր ժողովուրդին, որ հայ ժողովուրդին իրաւունքներուն մասին ձայն չբարձրացնելն ու լռութիւնը պահելը ապահովութեան երաշխիք չեն կրնար հանդիսանալ Թուրքիոյ մէջ մեր ժողովուրդին», ըսաւ ան:

Փայլան յայտնեց, որ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք առիթը ունեցած է հանդիպելու թուրք անձնաւորութիւններու, որոնք իսկապէս հետաքրքրուած են հայկական հարցով, սակայն Թուրքիոյ վերջին իրադարձութիւններուն պատճառաւ աւելի զգուշաւոր մթնոլորտ կը տիրէ թէ՛ թուրքերու, թէ՛ քիւրտերու եւ մանաւանդ հայերու շրջանակներէն ներս:

Իր ելոյթին ընթացքին հայ երեսփոխանը ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին առնչութեամբ ըսաւ. «Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը պահանջենք նախ մե՛ր ժողովուրդին համար, ապա ամբողջ մարդկութեան համար, որովհետեւ որեւէ բռնարարքի անդատապարտելիութիւնը պատճառ կը դառնայ նոր բռնարարքներու, ինչպէս կը շարունակուի այսօր Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ քիւրտերուն դէմ, ինչպէս տեղի ունեցաւ նաեւ վերջին շրջանին Հալէպի մէջ, որուն պատճառով մեծ կորուստներ ունեցաւ նաեւ մե՛ր ժողովուրդը: Ցեղասպանութեան ճանաչումը ոչ մէկ իմաստ կրնայ ունենալ, երբ ան տակաւին կը շարունակուի, երբ կրակը տակաւին չէ մարած, այլ արիւնահեղութեան եւ մարդկային կորուստներու պատճառ կը դառնայ օրն ի բուն: Մենք այսօր կը պայքարինք ոչ միայն ցեղասպանութեան ճանաչման ի խնդիր, այլեւ անոր դադարեցման ի խնդիր»:

Թուրքիոյ մէջ մեր մշակոյթի պահպանման եւ վերականգնումի հարցով ան անդրադարձաւ այն դէպքին, թէ Տիգրանակերտի մէջ վերանորոգելէ ետք հայկական եկեղեցիներէն մին, անցնող ամիսներուն թուրք կառավարութիւնը ականահարած է վայրը, եւ եկեղեցին կրկին աւերուած: Ան նշեց, թէ ժամանակը մեզի դէմ է, շատեր կը մտածեն Թուրքիայէն հեռանալու մասին, սակայն մատնանշեց նաեւ այն անժխտելի իրականութիւնը, թէ սա մեր մայրենիքն է, հայրենի՛ հողն է:

Փայլան իր ելոյթի աւարտին շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը փոխանցուեցաւ մեզի սերունդէ սերունդ, եւ մենք, մեր կարգին, որպէս երրորդ սերունդ, մեր միակ պարտականութիւնը զայն յաջորդ սերունդին փոխանցելը չէ, այլ պէտք է վճռակամութիւնն ու յանձնառութիւնը ունենանք լուծելու այս խնդիրը: Ան յայտնեց նաեւ, թէ միայն Հրանդ Տինքն ու ինքը չեն Թուրքիոյ մէջ ձայն բարձրացնողները, այլ «Կարօները շատ են» արտայայտութեամբ յայտարարեց բազմաթիւ ազնիւ հայորդիներու յանձնառութիւնը հայ ժողովուրդին դատն ու իրաւունքները հետապնդելու:

Մատնանշելով սփիւռքէն անկնկալուած դերակատարութիւնը, Փայլան կոչ ուղղեց սփիւռքահայութեան, որ այս հարցին նկատմամբ վերաբերի ո՛չ իբրեւ դիտորդ, այլ հայրենատիրութեամբ: Ան շեշտեց, որ միակ միջոցը օտար իշխանութիւններուն մօտ աշխատանք տանիլն է, որպէսզի մօտէն հետաքրքրուին Միջին Արեւելքով եւ յատկապէս Թուրքիոյ քաղաքականութեամբ՝ ճնշում բանեցնելով թուրք կառավարութեան վրայ՝ աւելի ժողովրդավար Թուրքիա մը ստեղծելու, «Որովհետեւ միայն ժողովրդավար Թուրքիա մը ունենալու պարագային կ’ակնկալուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում», ըսաւ ան:

Կարօ Փայլան իր խօսքը փակեց «Մենք քիչ ենք, սակայն մեզ հայ են ասում» նախադասութեամբ, որով ներկաները խանդավառուելով՝ երկարատեւ ծափողջոյններու տարափին տակ հրաժեշտ տուին արիասիրտ հայորդիին, որուն քաջասրտութեան եւ յանձնառութեան մասին կը վկայէ իր ամբողջ գործունէութիւնը:

Նշենք, որ Փայլան յաջորդ օր մեկնեցաւ Օթթաուա՝ հանդիպումներ ունենալու Գանատայի դիւանագէտներու եւ պետական կարգ մը անձնաւորութիւններու հետ:

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.