8 Տարի Առաջ Այս Օրը Սպաննուեցաւ Հրանդ Տինքը


Մշտապէս պայքարող եւ դիմադրող, իսկական հայրենասէր եւ պարզապէս մեծ Հայ. ճիշդ այսպիսին էր պոլսահայ մտաւորական Հրանդ Տինքը, որուն մահուան 8­-րդ տարելիցը կը լրանայ այսօր:

2007 թուականի Յունուար 19­ին Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող «Ակօս»­ի խմբագրատան առջեւ Տինք սպաննուեցաւ թուրք դաւադիրի ձեռքով, որ անգամ համարձակութիւն չունեցաւ նայելու իր զոհի աչքերուն մէջ եւ միայն ետեւէն երեք գնդակ արձակեց անոր գլխուն: Կրակելէ  ետք մարդասպանը գոչեց «Կեաւուր»` հիմք տալով մտածելու, որ սպանութիւնը կատարուած է ազգայնական հողի վրայ: Յետագային, սակայն, յայտնի դարձաւ, որ Թուրքիոյ մէջ հայերու ու հայկական հարցի նկատմամբ առկայ խափանումը կոտրելու ջատագովի` Հրանդ Տինքի սպանութիւնը մանրամասն ծրագրաւորուած յանցագործութիւն էր, որուն մէջ իր ոչ փոքր մասնաբաժինը ունէր նաեւ թրքական պետութիւնը: Սպանութեան յաջորդող ութ տարիներուն ընթացքին, սակայն, պոլսահայ մտաւորականի սպանութեան թնճուկը աւելի խճճուեցաւ, մէկը միւսին յաջորդող դատական նիստերու ընթացքին
հարցաքննուեցան եւ կալանաւորուեցան յանցագործութեան իրականացման մէջ ներքաշուած միայն պզտիկ պաշտօնեաներ, իսկ ատոր իրական մեղաւորներն ու կազմակերպիչները մինչեւ օրս կը շարունակեն մնալ վարագոյրին միւս կողմը…

Ո՞վ էր Հրանդ Տինք

Հրանդ Տինք ծնած է 1954թ. Սեպտեմբեր 15­ին` Թուրքիոյ Մալաթիա քաղաքին մէջ: 1961 թուականին` 7 տարեկանին, կը տեղափոխուի  Պոլիս: 1996 թուականին Տինք կը հիմնադրէ «Ակօս» պարբերականը, որ կը տպագրուէր երկու լեզուով` հայերէն եւ թրքերէն:

Մէկ նպատակ ունէր` նպաստել թրքական ու հայկական հասարակութիւններու` իրարու առաւել լաւ ճանչնալուն: Պատահական չէ, որ Տինք մշտապէս կը կրկնէր. «Սթամպուլի հայ հասարակութիւնը շատ փակ կ’ապրի: Եթէ մեզի լաւ ճանչնան, նախապաշարումները կը կոտրին»:

Տինք ոչ միայն լաւ հայ էր, այլ նաեւ իսկական քաղաքացի: Ապրելով Թուրքիոյ մէջ` ան երբեք ինքզինքը օտար  չէր համարեր  եւ կ’ընէր ամէն ինչ թրքական պետութիւնը վերափոխուած տեսնելու համար: Իր մասին ան կ’ըսէր.
«ես երկու ինքնութեան եւ երկու գիտակցութեան կրող եմ: Առաջինը` թրքաբնակ եմ, Թուրքիոյ  Հանրապետութեան քաղաքացի… Երկրորդը` հայ եմ: Բացի այն, որ Թուրքիոյ հայ համայնքի մասինկն եմ, միեւնոյն ժամանակ ալ բարոյապէս կը հանդիսանամ Հայաստանի եւ հայկական սփիւռքի մասնիկը, այդ մարդոց ցեղակիցն եմ: Այս ամէնով հանդերձ, եթէ ոմանք գէթ մէկ պատճառ ունին ձգտելու հայ­ թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման, ուրեմն իմ պատճառներս առնուազն երկու անգամ աւելի են»:

Թուրքիոյ մէջ արտայայտած միտքերու ու ըրած բացայայտումներուն համար Տինք կեանքի վերջին տարիներուն սկսած էր ծայրայեղ ազգայանակններու կողմէ բացայայտ, իսկ պաշտօնեաներու կողմէ քօղարկուած սպառնալիքներ ստանալ: Շատերը անոր կը յորդորէին լքել Թուրքիան` փրկելով իր կեանքը, սակայն արդարութեան մարտիկը երբեք չէր ենթարկուիր այդ յորդորներուն եւ կը բարկանար` կրկնելով. «Սա իմ երկիրն է»: «Ամենեւին հեշտ չեն իմ ապրումները, ընտանիքիս ապրումները: Եղած են ժամանակներ, որ լրջօրէն մտածեմ երկրէն հեռանալու մասին: Յատկապէս այն ժամանակներուն, երբ սպառնալիքները ուղղուած են
մերձաւորներուս: Այս  ժամանակ  միշտ ճարահատեալ զգացած եմ… Եթէ մենք ստիպուած ճամփայ բռնէինք, ճանապարհ պիտի իյնայինք այնպէս, ինչպէս 1915 թուականին մեր պապերը… Առանց գիտնալու դէպի ուր… քալելով այն ճանապարհներով, որ ոտաբոբիկ իրենք անցած են… տանջուելով եւ ապրելով անոնց վիշտը… Ահա այսպիսի կանխազգացողութեամբ պիտի հեռանայինք հայրենիքէն»,­ կ’ըսէր Տինք:

Ան, որ կ’երազէր հայ-­թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին Տինքի ողջ գործունէութիւնը ուղղուած էր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ անջրպետի վերացման: Ան վստահ էր, որ թրքական պետութեան մէջ
ցեղասպանութեան հետ առերեսումը հնարաւոր է միայն երկրի ներսէն եկող ճնշմամբ: 2005 թուականին «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցին ան նշած էր, որ Թուրքիոյ ժողովուրդի մերժումը պայմանաւորուած է իրականութեան չիմացութեամբ:

Ան սաստիկ կը զայրանար, երբ խնդիրի քննարկման կը կցուէին որեւէ երրորդ պետութեան ներկայացուցիչներ: «Մեր իրականութիւնը միայն միւսներու ընդունելո՞վ իրականութիւն պիտի դառնայ: Արդեօք մեր ներաշխարհը
կը հանդարտի, եթէ մեր իրականութիւնը շարունակէ թեմա մնալ տեղի ունեցած ողբերգութեան ականատես պետութիւններու ընդունելու արդարամտութեան կամ չընդունելու անարդարութեան միջեւ: Անոնց ժանգոտած խի՞ղճը պիտի կարենայ մաքրել մեր սրտերը: Թող մեր իրականութիւնը մեզի մնայ, անոնց ժանգոտած խիղճն ալ` անոնց»:

ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ Տինք դարձած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ու ազատութեան խորհրդանիշը: Անոր կեանքն ու յատկապէս մահը հիմնաքարային նշանակութիւն ունեցան երկրին մէջ շատ խափանուած հարցերու  վերացման համար: Ու թէպէտ արդէն ութ տարի է` ան այլեւս մեզ հետ չէ, սակայն
խաղաղասէր աղաւնիի համբաւը վայելող Տինքի յիշատակը դեռ վառ է, յոյզերը անոր անուան հետ կապուած` դեռ փոթորկուն, անոր սկսած գործը` շարունակական: Այն, ինչ ան չհասցուց ընել կենդանութեան օրօք, ըրաւ մահէն ետք` Թուրքիոյ հազարաւոր քաղաքացիներու սրտերուն մէջ վեր հանելով համամարդկայինը, բարին, արդարը… Մտնելով անոնց հոգիներուն մէջ, ան արթնցուց անոնց ընդարմացած խիղճը` մղելով դէպի փողոցներ եւ ստիպելով ի լուր աշխարհին գոռալ. «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս Տինք ենք»:

Պատրաստեց Արաքս Կասեան

«Արմէնփրէս»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.