Դաշնակցութիւնը Կը Պայքարի Իբրեւ Խումբ` Կուսակցութեան Ներկայացուածութիւնը Առաւելագոյնս Ապահովելու Նպատակով

Երեւանի Աջափնեակ վարչական շրջանին մէջ գտնուող Սողոմոն Թեհլիրեանի արձանին մօտ 15 մարտին Դաշնակցութիւնը կազմակերպեց ձեռնարկ, նուիրուած  հայ վրիժառու, դաշնակցական Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Թալէաթ փաշայի սպանութեան 96-րդ տարեդարձին:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշեց, որ Սողոմոն Թեհլիրեան կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը, ան խորհրդանիշ է այն իրականութեան, որ հայ ժողովուրդին վրայ ձեռք բարձրացնողը անպայման կը պատժուի: Սակայն Դաշնակցութիւնը, ըստ Վարդանեանի, միայն պատժող չէ: «Դաշնակցութիւնը կը պատժէ Հայաստանի թշնամիները, բայց Հայաստանի մէջ մենք թշնամի չունինք: Մենք ընկերներ, քոյրեր, եղբայրներ ենք բոլորին հետ: Դաշնակցութիւնը նաեւ աշխատանքի կուսակցութիւն է, քայլ առ քայլ, հետեւողականօրէն աշխատող, իր գաղափարները յառաջ տանող կուսակցութիւն է, որ կանգնած է հայ աշխատող մարդուն կողքին: Դաշնակցութիւնը նաեւ մեր մշակոյթին, մտաւորականութեան, լաւագոյն մեծերուն կուսակցութիւնն է: Դաշնակցութիւնը հարազատ արտացոլացումն է մեր ժողովուրդին իղձերուն ու նպատակներուն», հաստատեց Աղուան Վարդանեան:

Նկատի ունենալով, որ ներկայիս Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ նախընտրական քարոզարշաւ կը կատարեն խորհրդարանական ընտրութիւններուն ներկայացած քաղաքական ուժերը, Աղուան Վարդանեան անդրադարձաւ նաեւ նախընտրական քարոզարշաւին: Ըստ անոր, այսօրուան խայտաբղէտ քաղաքական դաշտին մէջ, կը կարծուի, թէ դժուար է տարանջատել, ճշդել, թէ ընտրողը ինչպէ՛ս պիտի քուէարկէ:  Սակայն ընտրութիւնը համեմատութիւն է, ուստի, եթէ այս տրամաբանութեամբ ուղղուի, ընտրողը դիւրութեամբ կրնայ կողմնորոշուիլ: «Ինչպէս աղջիկ ուզելու ժամանակ կը նային անոր ընտանիքին, կենսագրութեան, ֆիզիքական առաւելութիւններուն ու թերութիւններուն, նոյնն ալ` քաղաքական ուժերու պարագային: Ձեր դիմաց կան 9 քաղաքական ուժեր, եւ ես հպարտօրէն կրնամ ըսել, որ այս 9-ին մէջ Դաշնակցութիւնը միակն է, որ իբրեւ առանձին կուսակցութիւն կը մասնակցի ընտրութիւններուն: Ճիշդ է, չորս կուսակցութիւն եւս կը մասնակցի, բայց իրականութեան մէջ, եթէ նայիք անոնց կազմին, պիտի նկատէք, որ անոնք դաշինքներ են: Իսկ Դաշնակցութիւնը միակն է, որ կը տարբերի բոլորէն կարեւոր հանգամանքով մը. Դաշնակցութիւնը մէկ անձի կուսակցութիւն չէ: Նայեցէք այլ կուսակցութիւններուն, եթէ առաջնորդը չըլլայ, այդ կուսակցութենէն ոչինչ կը մնայ», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

Ան աւելցուց, որ Դաշնակցութիւնը այն քաղաքական ուժն է, որ ներկայ է ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլ ազդեցիկ ներկայութիւն ունի աշխարհով մէկ` ներկայացնելով համայն հայութեան շահերը: Աղուան Վարդանեանի համաձայն, Դաշնակցութիւնը կը տարբերի նաեւ անով, որ երբեք ամբոխավար չէ եղած, երբեք չէ տուած անիրագործելի խոստումներ:

Այսօր որոշ քաղաքական ուժեր մեծ-մեծ խոստումներ կու տան, սակայն սուտ կը խօսին, որովհետեւ այդ խոստումները պիտի չկատարուին: Մինչդեռ Դաշնակցութիւնը այս տարիներուն երբեք բան մը չէ ըսած, ապա անոր հակառակը գործած: Դաշնակցութիւնը միշտ իր նպատակները, ծրագիրները պահած է եւ կը պահէ օրակարգի վրայ, ու քայլ առ քայլ զանոնք կ՛իրականացնէ:

«Փոփոխութիւններ կը խոստանան, խոստումներ կու տան, կը ստեն: Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ արդէն համակարգային փոփոխութիւններ իրականացուցած է, կառավարման համակարգ եւ օրէնսդրական համակարգ փոխած է: Նայեցէ՛ք, թէ նոյն կուսակցութեան ներկայացուցիչները ինչպէ՛ս իրարմէ ձայն կը խլեն, իրարու կոկորդ կը կրծեն` ձայնի համար: Եւ նայեցէք Դաշնակցութեան խումբին, ամէն մէկը կը ջանայ ձայն բերել Դաշնակցութեան, որպէսզի կուսակցութիւնը վաղը Ազգային ժողովին մէջ աւելի մեծ ներկայացուածութիւն ունենայ, մեծ ազդեցութիւն ունենայ: Դաշնակցութիւնը մեր ժողովուրդին կուսակցութիւնն է, ձեզմէ կախեալ է, թէ որքան ուժեղ ներկայացուած կ՛ըլլայ խորհրդարանին մէջ: Եւ որքան ազդեցիկ ներկայացուածութիւն ունենայ, այնքան մեր երկիրը կայուն կ’ըլլայ, անցնցում կ՛ըլլայ, այնքան երկրին անվտանգութեան եւ ազգային հարցերու լուծումը երաշխաւորուած կ՛ըլլայ: Առանց Դաշնակցութեան երկիրը չի կրնար ազգային, ընկերային հարցերու մէջ լուրջ փոփոխութիւններ արձանագրել», իր խօսքը եզրափակեց Աղուան Վարդանեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.