Դաշնակցութիւնը Կը Պայքարի Իբրեւ Խումբ` Կուսակցութեան Ներկայացուածութիւնը Առաւելագոյնս Ապահովելու Նպատակով
- (0)

Երեւանի Աջափնեակ վարչական շրջանին մէջ գտնուող Սողոմոն Թեհլիրեանի արձանին մօտ 15 մարտին Դաշնակցութիւնը կազմակերպեց ձեռնարկ, նուիրուած հայ վրիժառու, դաշնակցական Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Թալէաթ փաշայի սպանութեան 96-րդ տարեդարձին:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշեց, որ Սողոմոն Թեհլիրեան կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը, ան խորհրդանիշ է այն իրականութեան, որ հայ ժողովուրդին վրայ ձեռք բարձրացնողը անպայման կը պատժուի: Սակայն Դաշնակցութիւնը, ըստ Վարդանեանի, միայն պատժող չէ: «Դաշնակցութիւնը կը պատժէ Հայաստանի թշնամիները, բայց Հայաստանի մէջ մենք թշնամի չունինք: Մենք ընկերներ, քոյրեր, եղբայրներ ենք բոլորին հետ: Դաշնակցութիւնը նաեւ աշխատանքի կուսակցութիւն է, քայլ առ քայլ, հետեւողականօրէն աշխատող, իր գաղափարները յառաջ տանող կուսակցութիւն է, որ կանգնած է հայ աշխատող մարդուն կողքին: Դաշնակցութիւնը նաեւ մեր մշակոյթին, մտաւորականութեան, լաւագոյն մեծերուն կուսակցութիւնն է: Դաշնակցութիւնը հարազատ արտացոլացումն է մեր ժողովուրդին իղձերուն ու նպատակներուն», հաստատեց Աղուան Վարդանեան:
Նկատի ունենալով, որ ներկայիս Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ նախընտրական քարոզարշաւ կը կատարեն խորհրդարանական ընտրութիւններուն ներկայացած քաղաքական ուժերը, Աղուան Վարդանեան անդրադարձաւ նաեւ նախընտրական քարոզարշաւին: Ըստ անոր, այսօրուան խայտաբղէտ քաղաքական դաշտին մէջ, կը կարծուի, թէ դժուար է տարանջատել, ճշդել, թէ ընտրողը ինչպէ՛ս պիտի քուէարկէ: Սակայն ընտրութիւնը համեմատութիւն է, ուստի, եթէ այս տրամաբանութեամբ ուղղուի, ընտրողը դիւրութեամբ կրնայ կողմնորոշուիլ: «Ինչպէս աղջիկ ուզելու ժամանակ կը նային անոր ընտանիքին, կենսագրութեան, ֆիզիքական առաւելութիւններուն ու թերութիւններուն, նոյնն ալ` քաղաքական ուժերու պարագային: Ձեր դիմաց կան 9 քաղաքական ուժեր, եւ ես հպարտօրէն կրնամ ըսել, որ այս 9-ին մէջ Դաշնակցութիւնը միակն է, որ իբրեւ առանձին կուսակցութիւն կը մասնակցի ընտրութիւններուն: Ճիշդ է, չորս կուսակցութիւն եւս կը մասնակցի, բայց իրականութեան մէջ, եթէ նայիք անոնց կազմին, պիտի նկատէք, որ անոնք դաշինքներ են: Իսկ Դաշնակցութիւնը միակն է, որ կը տարբերի բոլորէն կարեւոր հանգամանքով մը. Դաշնակցութիւնը մէկ անձի կուսակցութիւն չէ: Նայեցէք այլ կուսակցութիւններուն, եթէ առաջնորդը չըլլայ, այդ կուսակցութենէն ոչինչ կը մնայ», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:
Ան աւելցուց, որ Դաշնակցութիւնը այն քաղաքական ուժն է, որ ներկայ է ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլ ազդեցիկ ներկայութիւն ունի աշխարհով մէկ` ներկայացնելով համայն հայութեան շահերը: Աղուան Վարդանեանի համաձայն, Դաշնակցութիւնը կը տարբերի նաեւ անով, որ երբեք ամբոխավար չէ եղած, երբեք չէ տուած անիրագործելի խոստումներ:
Այսօր որոշ քաղաքական ուժեր մեծ-մեծ խոստումներ կու տան, սակայն սուտ կը խօսին, որովհետեւ այդ խոստումները պիտի չկատարուին: Մինչդեռ Դաշնակցութիւնը այս տարիներուն երբեք բան մը չէ ըսած, ապա անոր հակառակը գործած: Դաշնակցութիւնը միշտ իր նպատակները, ծրագիրները պահած է եւ կը պահէ օրակարգի վրայ, ու քայլ առ քայլ զանոնք կ՛իրականացնէ:
«Փոփոխութիւններ կը խոստանան, խոստումներ կու տան, կը ստեն: Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ արդէն համակարգային փոփոխութիւններ իրականացուցած է, կառավարման համակարգ եւ օրէնսդրական համակարգ փոխած է: Նայեցէ՛ք, թէ նոյն կուսակցութեան ներկայացուցիչները ինչպէ՛ս իրարմէ ձայն կը խլեն, իրարու կոկորդ կը կրծեն` ձայնի համար: Եւ նայեցէք Դաշնակցութեան խումբին, ամէն մէկը կը ջանայ ձայն բերել Դաշնակցութեան, որպէսզի կուսակցութիւնը վաղը Ազգային ժողովին մէջ աւելի մեծ ներկայացուածութիւն ունենայ, մեծ ազդեցութիւն ունենայ: Դաշնակցութիւնը մեր ժողովուրդին կուսակցութիւնն է, ձեզմէ կախեալ է, թէ որքան ուժեղ ներկայացուած կ՛ըլլայ խորհրդարանին մէջ: Եւ որքան ազդեցիկ ներկայացուածութիւն ունենայ, այնքան մեր երկիրը կայուն կ’ըլլայ, անցնցում կ՛ըլլայ, այնքան երկրին անվտանգութեան եւ ազգային հարցերու լուծումը երաշխաւորուած կ՛ըլլայ: Առանց Դաշնակցութեան երկիրը չի կրնար ազգային, ընկերային հարցերու մէջ լուրջ փոփոխութիւններ արձանագրել», իր խօսքը եզրափակեց Աղուան Վարդանեան: