Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած կայքէջ իսրայէլի մէջ
1416
0
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Երուսաղէմի յանձնախումբը, կայքէջի մը նախագիծը նախաձեռնեց: Հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած կայքին նպատակն է ՝ իսրայէլացի ընթերցողին ծանօթացնել 20-րդ դարու ողբերգութիւնը:
Երկլեզու ՝ ռուսերէն, եբրայերէն կայքին հեղինակները յոյս ունին, որ Իսրայէլի բնակչութեան եւ երկրի ակադեմիայի, մտաւորականութեան հետ համագործակցաբար կատարուող աշխատանքը պիտի ազդէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իսրայէլեան կառավարութեան կեցուածքին վրայ: