Ի զօրակցութիւն Արցախի՝ կոչ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմակալ առաջնորդներուն կողմէ

Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Ս. Արք. Դանիէլեանը եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանը, որոնք Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայութեան 65-ամեակի եւ Արեւմտեան Թեմի ինքնուրոյն միաւոր ըլլալու 50-ամեակի աշխատանքներու ծիրէն ներս կը գտնուին Լոս Անճելըս եւ խորհրդակցական եռակողմ հանդիպում ունեցան իրենց Թեմերը յուզող զանազան հարցերու մասին:

Ի հետեւումն՝ Ազգ. Ընդհանուր Ժողովի լոյսին տակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյ Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ բոլոր Թեմերուն յղուած շրջաբերականին, Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմակալ երեք Առաջնորդները քննարկեցին՝ վերանորոգ հաւատքով ու թափով եւ յաւելեալ կազմակերպուածութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ ծառայելու բոլոր հնարաւոր կարելիութիւնները, յատկապէս ժողովուրդի երիտասարդ ու մատշաղ սերունդներու ազգային, քրիստոնէական, հայեցի եւ կրթական դաստիարակութիւնը աւելի ուժական, տարածուն, հետաքրքրական ու ժամանակակից դարձնելու առումով:

Հիւսիսային Ամերիկայի թեմակալ առաջնորդները նաեւ ի զօրակցութիւն Արցախի եւ Լաչինի ապաշրջափակման գծով կոչ մը հրապարակեցին, զպրս կը հրատարակենք ստորեւ.

Ի հետեւումն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական համահայկական յայտարարութեան, այս գիրով կոչ կ՚ուղղենք Հիւսիսային Ամերիկայի մերազն ժողովրդեան բոլոր զաւակներուն՝ ազգային, քաղաքական, դիւանագիտական, մարդասիրական, կրթական, ընկերային, տնտեսական, մարզական, մշակութային կառոյցներ, միութիւններ, խմբակցութիւններ, բարերարներ, բարեկամներ եւ անհատներ, որ առաւելագոյն չափով զօրակից դառնան Հայ Արցախին ու հոն ապրող 120 հազար հաշուող կարիքաւոր հայութեան (ծերեր, տարեցներ, հիւանդներ, երիտասարդներ, հաշմանդամներ, պատանիներ ու մանուկներ):

Յատկապէս տօնական այս տագնապալի օրերուն, երբ հայկական Արցախը կը դիմագրաւէ մահու-կենաց խնդիր, երբ տակաւին փակուած կը մնայ արցախահայութիւնը Հայաստանին կապող «կեանքի ճամբան»՝ Լաչինի անցքը, մեզի կը մնայ Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին եւ բոլոր մակարդակներու վրայ ստեղծել մեր ամենասիրելի Արցախին ու իր ժողովուրդին ապրելու կամքին ի նպաստ մթնոլորտ՝ մեր շրջանի ժողովուրդներու ուշադրութիւնը եւ միջազգային ընտանիքի միջամտութիւնը հրաւիրելով մեր հայրենեաց երկրի ու հայկական պետականութեան առաւել ամրապնդման եւ Արցախի հայութեան ճգնաժամային ներկայ վիճակէն դուրս բերման բոլոր անհրաժեշտ ու պիտանի կարելիութեանց վրայ, գլխաւոր նպատակ ունենալով Լաչինի անցքի շուտափոյթ վերաբացումը՝ իբրեւ մարդասիրական օգնութեանց միակ ճամբայ:

Ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան տօներու մեր նուէրները հայութեան ամենավիրաւոր հատուածին թող ըլլայ մեր եղբայրական, միասնական ու հզօր ձեռքը՝ համահայկական ճիգերով կարենալ դուրս բերելու համար Արցախն ու արցախահայութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ ստեղծուած ներկայ դաւադիր անելէն:

Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Առաջնորդ

Ա.Մ.Նահանգներու Արեւելեան Թեմի

Բաբգէն Արք. Չարեան, Առաջնորդ

Գանատայի Հայոց Թեմի

Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ

Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.