ՀՕՄ-ը Պիտի Պայքարի Արցախի Գոյատեւման Համար, Որպէսզի Արցախցին Մնայ Իր Հողին Վրայ
Դեկտեմբեր 2-5 Արցախ կը գտնուէին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեանը, վարչութեան անդամ Համեստ Սասունեանը եւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեանը։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԱՊԱՌԱԺ»-ը։
Այցին ընթացքին անոնք հանդիպումներ ունեցած են ՀՕՄ-ի Արցախի միաւոր վարչութեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի, Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի, ինչպէս նաեւ ջրատաքացուցիչներ տեղադրող Shtigen Group ընկերութեան Արցախի ներկայացուցիչ Արմէն Խաչատրեանի հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են ՀՕՄ-ի՝ Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրները, խօսուած է յառաջիկայ նախաձեռնութիւններուն մասին:
ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը այցելած է շարք մը համայնքներ եւ խօսած ջրատաքացուցիչներու ծրագիրէն օգտուած որոշ քաղաքացիներու հետ՝ հասկնալու համար ծրագիրին արդիւնաւէտութիւնը, շահագործման հետ կապուած հնարաւոր խնդիրները։
ՀՕՄ-ի արեւային ջրատաքացուցիչներու ծրագիրին շնորհիւ Արցախի շարք մը հասարակական խաւերու ներկայացուցիչներ ձեռք բեռած են ուժանիւթի այլընտրանքային աղբիւր, որ կը լուծէ առօրեայ հոգերուն մէկ մասը եւ կը տնտեսէ ընտանեկան պիւտճէն։
Ծրագիրէն օգտուած են ԱՀ Մարտունի շրջանի Պառաւաթումբ, ՆՆգի, Կաղարծի, Կոլխոզաշէն, Խնուշինակ, Մաճկալաշէն, Մարտակերտի շրջանի Կիչան, Նոր Կիլիկիա, Ճանկաթաղ, Վաղուհաս, Մաղաւուզ, Յարութիւնագոմեր, Ասկերանի շրջանի Պատարա, ք.Ասկերան, Վարազաբուն, Այգեստան, Աստղաշէն համայնքներու՝ Արցախեան վերջին պատերազմին զոհուած, առաջին եւ երկրորդ կարգի հաշմանդամութիւն ստացած, բազմազաւակ ընտանիքները։
«Արեւային ջրատաքացուցիչներուն առումով կ՝ուզէինք անձամբ տեսնել, թէ այդ ծրագիրը որքան կ՝օժանդակէ արցախցի գիւղացիին։ Կը հպարտանամ, որ ՀՕՄ-ը Արցախի միաւորին հետ այսպիսի ծրագիր սկսած է, եւ հպարտ ենք, որ ունինք այնպիսի ընկերուհիներ, որոնք նեցուկ կը կանգնին Արցախին»,- «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է ՀՕՄ-ի ԿՎ ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեան։
Խօսելով այլ համայքներու մէջ եւս ծրագիրը գործարկելու մասին՝ Նայիրի Տէրտէրեան նշած է. «Հիմա աւելի շատ տեղեկութիւններ ունինք ու յոյս ունինք, որ պիտի շարունակենք ու նուիրատուները դարձեալ նեցուկ պիտի կանգնին, նոր նուիրատուներ պիտի միանան ու առաջին փուլը աւարտելէ ետք՝ ընդհանուր փուլը պիտի սկսի»,- ըսած է ան։
Անոր խօսքով՝ ՀՕՄ-ը պիտի մնայ Արցախի կողքին եւ պայքարի Արցախի գոյատեւման համար, որպէսզի արցախցին մնայ իր հողին վրայ։