Հ.Մ.Ը.Մ. Արցախի Մասնաճիւղէն Ներս Խմբապետերու Երդման Արարողութիւն

Հոկտեմբեր 20-ին Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ խմբապետերու սկաուտական երդման արարողութիւն: Իրենց երդումը կատարելով, 17 խմբապետեր խոստացան ծառայել։
Հինգ ամիս շարունակ հետեւողական աշխատանք տանելէ ետք, խմբապետուհի Մարօ Քէշիշեան կրցաւ պատրաստել այս նոր երիտասարդները: Իր ելոյթի ընթացքին, ան անդրադարձաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի 104 տարիներու գործունէութեան: «Հ․Մ․Ը․Մ․-ը հայապահպանման ջատագով դարձաւ, մարզական ու սկաուտական խումբերով ազգային ոգով սերունդներ դաստիարակեց, թրծեց աշխարասփիւռ հայ երիտասարդութեան, որոնք յետագային իրենց կորովի կեցուածքով անկորտում ուժ դարձան հայ ժողովուրդի արդար պայքարին համար: Հ․Մ․Ը․Մ․-ը գոյատեւեց, Հայոց ցեղասպանութեան որբացած սերունդներու հոգեկան վիճակը բարձրացուց, դաստիարակեց ու կեանքի նկատմամբ լաւատեսութիւն սփռեց: Նաեւ աշխարհասփիւռ հայկական գաղթօճախներէ ներս թափանցելով` առողջ ու մաքուր միջավայր ստեղծեց մեր երիտասարդութեան համար, վերադարձաւ հայրենիք եւ ահա այսօր իր նոր ղեկավարութեամբ հաստատակամ իր նախաքայլը կը դնէ վիրաւոր, սակայն շուտով ազատ ու ամբողջական դարձող Արցախին մէջ: Հ․Մ․Ը․Մ․-ի 104-ամեայ ճանապարհն այնքան էլ հեշտ չընթացաւ, սակայն կամք, կորով ու աննահանջ ոգիով այն յարատեւեց: Հպարտութեամբ կ՛ընդգծեմ, որ հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած Հ․Մ․Ը․Մ․-ը յաջողեցու իր առաքելութեան մէջ: Հ․Մ․Ը․Մ․-ը ինքնանպատակ կամ քաղաքական կազմակերպութիւն չէ, այն ազգանուէր կազմակերպութիւն է, որ նպատակ ունի պատրաստել բարոյապէս բարձր արժանիքներով եւ ազգային նկարագրով հայրենիքին ծառայելու պատրաստ քաղաքացիներ», ըսաւ ան։
Մարօ Քեշիշեանը հպարտութեամբ արձանագրեց, որ համահայկական կառոյցի վերածուած Հ․Մ․Ը․Մ․-ը իր արմատները կ՛ամրապնդէ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ։ «Կասկած չունեմ, որ այս կազմը նուիրումով պիտի գործէ եւ կարողանայ իր շուրջը համախմբել խտացած սկաուտական շարքեր, որոնք ազգային ոգիով, լեցուած նուիրումով պիտի գործեն Արցախի Հանրապետութիւնը հզօրացնելու աշխատանքին մէջ։ Պիտի դառնան իսկական բանակ, պիտի շարունակեն մեր անմահացած հերոսներու կիսատ թողած գործունէութիւնը, մինչեւ որ Արցախը ամբողջութեամբ ազատագրուի», եզրակացուց Քէշիշեան:
Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի ատենապետ Դաւիթ Գրիգորեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Մարօ Քէշիշեանին, այս ծանր ժամանակշրջանին, Արցախի մէջ եւ արցախցիի կողքին ըլլալու համար: «Այսօր Հ․Մ․Ը․Մ․ ընտանիքում տօն է, մեր մեծ ընտանիքը համալրւում է գաղափարակից ու խանդավառ երիտասարդներով: Հ․Մ․Ը․Մ․-ը միշտ գործել է այնտեղ, որտեղ պէտք է հայերի համախմբումը, եւ անհրաժեշտ է հայեցի դաստիարակութիւն, ցաւօք սրտի, այսօր Արցախում սեւ ամպեր են կուտակուել եւ միայն համախմբումով մենք կարող ենք հասնել յաղթանակի: Շնորհաւորում եմ բոլոր նորամուտ տօնող քոյրերին ու եղբայրներին: Այս օրը շատ տպաւորիչ եւ միաժամանակ պարտաւորեցնող է բոլորիս համար, կը ցանկանայի, որ այսուհետ Արցախում լինի միայն յաղթական խաղաղութիւն», շեշտեց ան:

Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեանի խօսքով․ «Երեք տարի առաջ Արցախում Հ․Մ․Ը․Մ․-ի 111-րդ մասնաճիւղի բացումով Արցախի կառոյցը մաս դարձաւ այդ բազմահազար ընտանիքին: Ցաւօք, յետագայ շրջանում պատերազմով պայմանաւորած` Հ․Մ․Ը․Մ․-ը անհրաժեշտ ակտիւութեամբ աչքի չընկաւ: Մարօ Քէշիշեանի եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի վարչութեան միջոցով այդ աշխատանքը մելկնարկեց եւ այսօր մենք ունենք Հ․Մ․Ը․Մ․-ի գործող կառոյց, վարիչների մեծ խումբ, եւ յուսով եմ, որ բաց թողնուածը արագօրէն կ՚ընկնի իր տեղը: Կարծիք կայ, որ Հ․Մ․Ը․Մ․-ը Դաշնակցութեան կառոյցն է, սակայն այն ինքնակազմակերպուող, ինքնակառավարուող մարմին է եւ ուղղահայեաց ենթակայութիւն չունի: Կրկնակի թիւրիմացութիւն է այն, որ Դաշնակցութիւնն ընդհանրապէս կապ չունի Հ․Մ․Ը․Մ․-ի հետ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը չի կարող կապ չունենալ հայապահպանութիւն, հայեցի դաստիարակութիւն, առողջ սերունդ դաստիարակող նման կազմակերպութեան հետ: Հ․Յ․Դ․-ի կողմից Հ․Մ․Ը․Մ․-ը գուրգուրանքի առարկայ է»,- իր խօսքում ընդգծեց Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը` համոզուելով, որ Հ․Մ․Ը․Մ․-ական տեսակը ազգի մէջ գերակշիռ է։
Հանդիսաւոր միջոցառման ներկայ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Դաւիթ Յակոբեանը, շնրոհաւորելով խմբապետներու նորամուտը, նշեց, որ Արցախի մէջ կազմակերպութիւնը մեծ աշխատանք ունի կատարելիք. «Համոզուած եմ, որ Արցախում ազգային դաստիարակութեան, ազգային ոգու մի նոր շունչ կը բերէք ձեր ներկայութեամբ: Մեր հիմնական առաքելութիւնը հայ երիտասարդին, հայ պատանուն ազգային բարձր գաղափարներով դաստիարակելն է: Յուսով եմ, որ յաջորդ անգամ Արցախում հարիւրաւոր սկաուտներ նորից հպարտ տողանցք կ՚անեն ու եւս մէկ անգամ կ՚ասեն, որ Արցախն անպարտ է, եւ Արցախի երիտասարդութիւնը կարգապահ տողանցքով կերտելու է մեծ ու գեղեցիկ հայրենիք»:
Այս հաւաքին, ներկայ էին Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանը, Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Արցախի մասնաճիւղի անդամներ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.