Այս ծրագիրը Դիմադրութեան բաղադրիչ է

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի պատասխանատու Ցողիկ Աշըգեանին արտասանած ողջոյնի խօսքը «Վերելք» ձեռերէցութեան ծրագրի մէկ ամեայ գործունէութեան նուիրուած միջոցառումին, որ տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 22-ին Երեւանի մէջ:

Սիրելի ներկաներ,

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի անունով կ’ոշջունենք բոլորիդ, շնորհակալ ենք ընդունելու մեր հրաւէրը եւ ներկայ գտնուելու մեր այսօրուան միջոցառումին՝ նուիրուած «Վերելք» ձեռներէցութեան ծրագրի մէկ ամեայ գործունէութեան:

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդութեան համար, Հայաստանը իր հայկական Արցախով, միշտ եղած է աշխատանքի եւ գործունէութեան կիզակէտ, իսկ այսօր՝ առաւելաբար:

«Վերելք»-ը ընդհանուր առմամբ փոքր եւ միջին ձեռնակատիրութիւններ ստեղծելու ծրագիր է։

Ծրագիրի անուանումը 2020թ յետպատերազմեան անկումային տրամադրութիւնը՝ մասնաւորաբար Արցախի մէջ, բարձրացնելու մարմաջէն յառաջացած է։

2021թ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը տեղափոխուեցաւ Արցախ եւ աւելի մօտէն առնչուեցաւ տիրող յետպատերամզեան իրականութեան հետ: Անվտանգային իրավիճակը, արտագաղթի տրամադրութեանց աճը եւ յուսահատութիւնը հիմնական մարտահրաւէրներէն էին եւ կը շարունակեն մնալ:

Արցախի մէջ «Վերելք» փիլոթային ծրագրի մեկնարկը մէկ մասն էր աւելի ընդարձակ ծրագրի մը, որ կը միտէր Արցախի վերականգման եւ զարգացման ուղղութեամբ ջանքերու համախմբում եւ վերոնշեալ մարտահրաւէրներու դիմագրաւում:

Ծրագիրը «Վերելք» անուանակոչելով պատգամ մը կը փոխանցուէր, որ վերելքային տրամադրութեամբ եւ ձգտումով պէտք է բնորոշուի մեր գործունէութիւնը թէ՝ անհատական, թէ հանրային եւ ազգային մակարդակներու վրայ։

Այս ծանրագոյն ազգային ճգնաժամային հանգրուանին, հաւաքական վերելքը կ’ապահովուի միմիայն Դիմադրութեան տրամաբանութեան ընդմէջէն: եւ նոյնպէս այս ծրագիրը պէտք է դիտարկել որպէս Դիմադրութեան տրամաբանութեան բաղադրիչ, քաղաքական պայքարի համալրող օղակ եւ տնտեսական բնագաւառէն ներս պայքարի միջոց:

Մեր նպատակներէն են՝ արտագաղթի դէմ պայքարը, համայնքային զարգացման նպաստելը, նորարարականութեան ապահովում եւ երիտասարդութեան դերի բարձրացում՝ ընկերատնտեսական ազդեցութիւններու բարձրացմամբ:

Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ ընդհանուր 10 ծրագիրները, որոնք պիտի ներկայացուին այսօր, իրենց բնոյթով, ընկերային իրենց պատասխանատուութեան հանգամանքով՝ հողին մէջ աւելի հաստատակամ արմատներ խրելու համարձակ քայլեր են եւ կը խօստանան տեղական համայնքներու զարգացման եւ բարգաւաճման համար յանձնառու գործօնութիւն։

Այս երիտասարդները գիտելիքի, փորձի եւ նոր հորիզոններ նուաճելու ձգտումն ունին: Անոնք պատրաստ են վճռականութեամբ հետապնդելու իրենց ծրագիրներու ամբողջական իրականացումը, եւ զանոք ծառայեցնել իրենց շրջապատին, համայնքին ու ծննդավայրին։

Այս ծրագրի երկու հանգրուաններու յաջողութեան մէջ մեծ եւ փոքր ներդրում ունին՝ Հ.Յ.Դ. աշխարհասփիւռ Երիտասարդական ներուժը, «Ռիվոլվ» խորհրդատուական ընկերութիւնը, ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի «Արցախ Ֆոնտ» հիմնադրամը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը եւ բազմաթիւ անհատ բարերարներ եւ մասնագէտներ:

Մեր խորին երախտագիտութիւնը բոլորին:

Միջոցառման ամբողջական տեսերիզը նայիլ այստեղ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.