Եւրոխորհրդարանի Անդամ Էլէնի Թէոխարուսի Այցը ՀՅԴ Կեդրոնատեղի

\n

ԵՐԵՒԱՆ.- Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի անդամ (Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն, Կիպրոս), Եւրոխորհրդարանէն ներս Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ դոկտ. Էլէնի Թէոխարուս 10 Հոկտեմբեր 2014ին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնը եւ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի հետ:
\n Դոկտ. Թէոխարուսին կ՛ընկերակցէին իր օգնականը՝ Եոհաննիս Խարալամպիտիս եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանը:
\n Երեսփոխան Թէոխարուս եւ Հրանդ Մարգարեան զրոյց ունեցան Արցախի հիմնահարցին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն շուրջ:
\n Է. Թէոխարուս բարձր գնահատեց ՀՅԴի գործունէութիւնը եւ նշեց իր երկարամեայ ծանօթութիւնը կուսակցութեան հետ, Կիպրոսի կոմիտէութեան հետ գործակցութեան ճամբով: Հրանդ Մարգարեան, իր կարգին Թէոխարուսին յանձնեց ՀՅԴ հրատարակութեամբ գիրք մը եւ պատմական ալպոմ մը: Հանդիպումէն ետք անոնք այցելեցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմութեան թանգարանը:\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.