Լ. Հայրապետեանի Հովանաւորած Ռազմական Ակադեմիոյ Շինարարութիւնը Կասեցուած Է

\n

\n

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ գործարար Լեւոն Հայրապետեանի հովանաւորած՝ Սուվորովի եւ Մադաթովի անուան ռազմական ակադեմիոյ շինարարութիւնը կասեցուած է: Այս մասին յայտնած է Վանքի գիւղապետ Անդրէ Սարգսեանը:
\n «Արդէն 2 շաբաթ շինարարութիւնը կանգնել է, պատճառն ինքներդ էլ հասկանում էք, որ Լեւոն Հայրապետեանի կալանքն է: Հայրապետեանն ուզում էր, որ մեր ազգի համար լաւ բան անի, աճ տա Արցախին: Երեք յարկանի հսկայական շէնք էր լինելու, հսկայական տարածք էր», ըսած է ան:
\n Գիւղապետին խօսքով՝ ակադեմիոյ առաջին յարկի շինարարութիւնը գրեթէ աւարտած էր: Նաեւ, գործարարը, նախքան ձերբակալութիւնը, կը պատրաստուէր սպաներու համար յատուկ բնակարաններ կառուցել: Լեւոն Հայրապետեան անցած Յուլիսին Հայաստան եկած էր մասնաւոր ակադեմիոյ շինարարութեան հետեւելու համար:
\n Յիշեցնենք, որ 2014ի Յուլիս 24ին, Ռուսիոյ Քննչական կոմիտէն «Պաշնեֆթ» ընկերութեան բաժնետոմսերը յափշտակելու եւ անօրինական ճանապարհով ստացուած գումարները իւրացնելու կասկածով ձերբակալեց հայ գործարար Լեւոն Հայրապետեանը: Իսկ Սեպտեմբերի 12ին, Հայրապետեան եւս մէկ այլ յանցանքով մեղադրուեցաւ՝ մեքենայութեան յօդուածով: Լեւոն Հայրապետեան մինչեւ Դեկտեմբեր 15 պիտի մնայ կալանքի տակ:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.