Հայաստան-Սփիւռք 5րդ Համաժողովի Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր

\n

\n

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Հայաստան-Սփիւռք 5րդ համաժողովի ծիրին մէջ, Ազգային պատկերասրահին մէջ ամերիկահայ նկարիչ Դանիէլ Վարուժան-Հեճինեանի անհատական ցուցահանդէսի բացումէն անմիջապէս ետք, Համաժողովի պատուիրակութիւնը՝ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, ուղղուեցաւ դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ խոնարհելու եւ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:
\n Անոնք նախ ծաղիկներ զետեղե-ցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին դիմաց, ապա հոգեւոր դասի ներկայացուցիչները նահատակներուն համար հոգեհանգիստի արարողութեան կարգ կատարեցին:
\n Այնուհետեւ, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի «Յիշողութիւններու պուրակ»ին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդանշական ծառատունկ՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ Հայաստան-Սփիւռք 5րդ համաժողովին։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.