Երեւանի Մէջ Նուազած Է Յանցագործութիւններու Թիւը


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան պետ, ոստիկանութեան գնդապետ Աշոտ Կարապետեան 11 Սեպտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին՝ ամփոփելով Երեւանի վարչութեան ստորաբաժանումներուն կատարած աշխատանքները, տեղեկացուցած է, որ նախորդ տարուան ութ ամիսներուն հետ բաղդատելով՝ այս տարի արձանագրուած է յանցագործութիւններու թիւի նուազում:
«Նուազել են սպանութեան, աւազակային յարձակումների մասով, սակայն աւելացել են բնակարանային յարձակումների դէպքերը: Արձանագրուած սպանութեան փորձերի հինգ դէպքերից բացայայտուել է երեքը: Ոստիկանութեան մշտական ուշադրութեան կենտրոնում է գտնւում թմրանիւթերի ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարը: Այս յանցատեսակով իրականացուած աշխատանքների արդիւնքում 60 անձ ենթարկուել է պատասխանատուութեան», յայտնած է ան:
Երեւանի ոստիկանապետին համաձայն՝ ոստիկանութեան կողմէ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի գողութեան եւ աւազակային յանցագործութեան դէպքերուն: 2013ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով՝ կարելի է ըսել, թէ անձնական ունեցուածքի գողութեան դէպքերը նուազած են: Այս տարուան ութ ամիսներուն ընթացքին յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է 15 յանցաւոր խումբ:
Ծառայողական քննութիւն կատարուած է նաեւ շարք մը ոստիկաններու նկատմամբ, եւ 11 ոստիկանութեան ծառայող աշխատանքէ արձակուած է։ Ոստիկանապետը նաեւ վստահեցուցած է, որ չբացայայտուած յանցագործութիւններ չկան:
Լրագրողները հարցուցած են նաեւ ոստիկաններու աշխատավարձին մասին. ի պատասխան Աշոտ Կարապետեան ըսած է. «Թող լրագրողին քիչ հետաքրքրի ոստիկանի աշխատավարձը, ի հարկէ, ինչքան գումարն աւել, այնքան աւելի լաւ, բայց մեզ‘ ոստիկաններիս՝ նուիրեալներիս, դա քիչ է հետաքրքրում«:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.