Հայաստանը Մերժած Է Երեւանի Մէջ Նամազ Ընելու Թուրքերուն Պահանջը


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Թրքական ASIMDER (Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի) միութիւնը մատնանշելով Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տարին անգամ մը մատուցուող Ս. պատարագը՝ դիմում ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ Թեհրանի եւ Վրաստանի դեսպանատուներուն՝ Երեւանի մզկիթին մէջ Ուրբաթ օրուան նամազ ընելու պահանջով:
Ըստ Haberler-ի՝ Հայաստան մերժած է թուրքերուն պահանջը:
Այս որոշումէն խիստ վրդոված՝ հակահայ միութեան նախագահ Կիւքսել Կիւլպէյ ըսած է. «Մենք նման պահանջով դիմում ներկայացուցինք, եւ անոնք մերժեցին: Իսկ իրենք երբ ուզեն, կու գան մեր երկիրը եւ պատարագ կ՛ընեն։ Անոնք մեզ չեն ընդունիր, մեղմ ասած՝ «մի՛ գաք մեր երկիրը» ըսելով: Մենք չենք հասկնար նաեւ, թէ ինչո՛ւ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեանը այս հարցին վերաբերեալ կը լռէ: Մենք մեր պահանջը դարձեալ պիտի ներկայացնենք: Մինչեւ չհասնինք մեր պապերուն՝ աքսորուած այդ հողերուն, ոչ ոք մեզ ետ չի կրնար պահել մեր ընտրած ուղիէն»։
Յոյս ունենալով, որ Հայաստան կը կատարէ անոնց պահանջը եւ նամազի կատարման համար յատուկ խումբին միանալու նպատակով, Ատրպէյճանէն Թուրքիա մեկնած է «Beynelxalq» սփիւռքի կեդրոնի քարտուղար Սամիր Ատըգէօզելլին, որ, իր կարգին, երազային յայտարարութիւններ կատարած է։
«Ռեւանը մեր երազանքն է, սակայն այժմ Ատրպէյճանի պատմական հողերը կը գտնուին Հայաստանի տիրապետութեան տակ: Մեր կեդրոնը միշտ օժանդակած է ASIMDER միութեան: Մենք՝ Ռեւանի թոռներս, վերջ ի վերջոյ, պիտի հասնինք մեր պապերու գերեզմաններուն, պիտի այցելենք անոնց տուները եւ ամէն տարի պիտի կատարենք մեր Ուրբաթ օրուան նամազը: Պիտի այցելենք Հայաստանի զինուած ուժերուն կողմէ բռնագրաւուած Ղարաբաղի մզկիթներն ու յուշարձանները: Այդ հողերը մերն են, եւ պատմութիւնը հերքելով՝ չի մոռցուիր», ըսած է ատրպէյճանցին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.