Եուրօ-2016. Հայաստան Պարտութեամբ Սկսաւ Զտումի Մրցաշարքը

 

0907_ArmeniaԵուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 7 սեպտեմբերին` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կատարեց իր առաջին մրցումը` Քոփենհակընի մէջ հիւրը ըլլալով Դանիոյ:

Մրցումին արդիւնքը եղաւ ի նպաստ Դանիոյ, որ յաղթեց 2-1 արդիւնքով:

Մրցումին հաշիւը բացաւ Հենրիխ Մխիթարեան, երբ երկրորդ կիսախաղին` 49-րդ վայրկեանին նշանակեց Հայաստանի միակ կոլը, սակայն 65-րդ եւ 80-րդ վայրկեաններուն յաջորդաբար Փիեռ-Էմիլ Հոժպժըրկ եւ Թոմաս Քահլընպըրկ նշանակեցին Դանիոյ երկու կոլերը:

Այսպիսով, Հայաստան պարտութեամբ սկսաւ Եուրօ 2016-ի զտումի խաղերը, սակայն ան տակաւին շատ խաղեր ունի իր առջեւ, եւ յոյսով ենք, որ այս անգամ մեր հաւաքականը կը տեսնենք եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.