Երկու Զտարիւն Գայլաշուն Նուէր՝ Հայ Զինուորներուն


ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախեան պատերազմի վեթերանները հաճելի անակնկալ մը մատուցեցին գնդապետ Վ. Յովսէփեանի հրամանատարութեամբ գործող զօրամասին՝ դիրքապահ զինուորներուն նուիրելով գերմանական հովուաշան զտարիւն երկու ձագ: Հայաստանցի եւ Քանատայի Քեպեք նահանգի հայկական համայնքի բարեգործները մտադիր են տարուան ընթացքին դիրքապահներու «զինանոցը» համալրել պահակային ազնուացեղ մի քանի տասնեակ շուներով եւս:
Զօրամասէն ներս մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցան երկու շնիկները, իսկական իրարանցում ստեղծելով երիտասարդ զինուորներուն մօտ, որոնք անմիջապէս սիրով ու հոգատարութեամբ շրջապատեցին իրենց վաղուայ անփոխարինելի օգնականները: Անսպասելի ու թանկարժէք նուէր մըն էր:
Շուներու ներկայութիւնը զօրանոցէն ներս մեծապէս օգտակար կը հանդիսանայ հետախուզական աշխատանքներու եւ սահմաններու պահպանման գործին: Ինչպէս ծանօթ է, շատ երկիրներու զինուած ուժերուն մէջ շուները անփոխարինելի «գործընկերներ» են, եւ անշուշտ լաւագոյն ընկերներ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.