Միացեալ Հայկական Ֆոնտը 4.1 Միլիոն Տոլար Նպաստ Կը Հայթայթէ Հայաստանին

\n

\n

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Օգոստոս 16ին, Քենզըսի ազգային պահակագունդի օդուժը, Միացեալ հայկական ֆոնտի գործակցութեամբ՝ 4.1 միլիոն տոլար արժողութեամբ դեղորայք եւ բժշկական պիտոյքներ փոխադրեց Հայաստան:
Քենզըսի ազգային պահակագունդի օդուժը նշեալ իրերը Հայաստան փոխադրեց ձրիաբար՝ իր Մարդասիրական օժանդակութեան թռիչքներու ծրագիրին ծիրէն ներս, «KC-135» մակնիշի օդանաւով մը: Քենզըսը Հայաստանի Հանրապետութեան համագործակից նահանգ մըն է:
Միացեալ հայկական ֆոնտը իր կողմէ տրամադրեց 4.1 միլիոն տոլար արժողութեամբ նպաստ, զոր նուիրած էին «AmeriCares» կազմակերպութիւնը (3.9 միլիոն տոլար) եւ «Direct Relief International» կազմակերպութիւնը (267,000 տոլար):
Անցեալ 25 տարիներուն, Միացեալ հայկական ֆոնտը 159 թռիչքներով եւ 2185 ծովային արկղերով 696 միլիոն տոլար արժողութեամբ մարդասիրական նպաստ ուղարկած է Հայաստան եւ Արցախ:
Միացեալ հայկական ֆոնտը համատեղ աշխատանքն է Ամերիկայի հայ աւետարանական ընկերակցութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի առաջնորդարանին, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդարանին եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.