Քեսապի Էսկիւրանի Ս․Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաօծում

\n

\n

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեանի, մասնակցութեամբ՝ Ազգ․ Վարչութեան ներկայացուցիչներուն, քահանայից դասուն եւ հատաւացեալ ժողովուրդին, Շաբաթ 16 Օգոստոս 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 4։00-ին տեղի ունեցաւ Քեսապի Էսկիւրանի Ս․Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաօծումը, ապա եկեղեցւոյ խորանի սրբապատկերի օծումն ու կիրակնամուտի ժամերգութիւնը։

\n

Սրբազան հայրը իր քարոզին ընդմէջէն մխիթարական խօսքերով յուսադրեց ներկաները։ Հաւատացեալ ժողովուրդը ուրախութեան եւ յոյսի արցունքներով ունկնդրեց քարոզն ու հոգեպարար արարողութիւնը։ Աւարտին տեղի ունեցաւ աղի օրհնէք եւ ոչխարներու զենում։

\n

Այնուհետեւ, երիտասարդները աշխատանքի լծուեցան մինչեւ առաւօտ, տօնական մթնոլորտի մէջ պատրաստելու աւանդական հարիսան։

\n

 

\n

\n


\n

Կիրակի 17 Օգոստոս 2014-ի առաւօտեան, Ս․Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Էսկիւրանի Ս․Աստուածածին վերաօծուած եկեղեցւոյ մէջ Ս․ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Քեսապի հովիւ՝ Արժ․ Տէր Միւռոն Քահանայ Աւետիսեան։ Օրուան պատգամը փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդը հետեւեալ բնաբանով․ «Աստուծոյ քով անկարելի բան չկայ»։

\n

Ապա տեղի ունեցաւ խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն, հոծ բազմութեան ներկայութեան։ Սրբազան հօր «պահպանիչ» աղօթքով եւ Կիլիկիա մաղթերգով վերջ գտան Քեսապի մէջ տեղի ունեցած երկօրեայ հոգեպարար արարողութիւնները, որոնք ուղիղ սփռումով հասանելի դարձան «Ռատիօ Երազ»-ին կողմէ։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.