«Թուիթըր» Ընկերային Ցանցը Կը Քննէ Ալիեւի Սպառնալիքները
\n
\n
ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ «Թուիթըր» ընկերային ցանցի ղեկավարութիւնը արձագանգած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ռազմատենչ գրառումներուն ու կը քննէ Ալիեւի սպառնալիքները եւ այն հաւանականութիւնը, որ Ատրպէյճանի նախագահը խախտած է ցանցի կանոնները։
\n Ալիեւի գրառումները գլխաւորաբար հայերու դէմ ուղղուած էին։ Միայն Օգոստոս 7ին, գրառումները գերազանցած են քանի մը տասնեակը։ «Հայերը գրաւած են ատրպէյճանական հողատարածքները», «Հայերը պատասխան պիտի տան», «Ատրպէյճանցի զինուորներու մարտական ոգին բարձր է» եւ նմանատիպ քանի մը տասնեակ գրառումներով Ալիեւ փորձած էր շահիլ իր ժողովուրդի վստահութիւնն ու բարձրացնել զինուորներու մարտական ոգին։
\n Ատրպէյճանի նախագահին «Թուիթըր»ի նկատմամբ նորափթիթ սէրը ծաղրանքի առարկայ դարձաւ արեւմտեան բազմաթիւ առաջատար լրատուամիջոցներու մէջ, որոնք նաեւ Ալիեւը նկատեցին առաջին նախագահը, որ պատերազմ կը սպառնայ «Թուիթըր»ի միջոցաւ։
\n Միւս կողմէ, «Աքսար» կայանը հարցախոյզ մը կազմակերպած է Պաքուի երիտասարդութեան համար։ Հարցախոյզի մասնակիցներու մեծամասնութիւնը, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ ճամբով պէտք է լուծել Ղարաբաղի հարցը՝ դիտել կու տայ, որ կողմնակից է խաղաղ բանակցութիւններու տարբերակին։ Այն հարցումին, որ եթէ պատերազմ սկսի, կ՛ուզե՞ն բանակին միանալ՝ մասնակիցներու միայն 30 տոկոսը դրական պատասխան տուած է։ Երիտասարդ մը նոյնիսկ խոստովանած է, որ ամիս մը դիտաւորեալ կերպով հոգեբուժարանի մէջ դարմանուած է, որպէսզի ազատ արձակուի զինուորական ծառայութենէն։
\n