Վիրաւոր Ատրպէյճանցի Զինուորները Պիտի Բուժուին Թուրքիոյ Մէջ
1555
0
\n
\n
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար, զօր. Զաքիր Հասանով 8 Օգոստոսին այցելած է զինուած ուժերու գլխաւոր հիւանդանոց՝ տեսակցելու վերջին շրջանին, ատրպէյճանական վարկածով, «հայկական գնդակէն» վիրաւորուած զինուորներուն:
Այս տեղեկութիւնը հաստատած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, սակայն չէ ճշդած վիրաւորներուն թիւն ու անոնց անձնական տուեալները։
\n
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կայքին վրայ հրապարակուած են 3 վիրաւոր զինուորներու լուսանկարները՝ հիւանդանոցին մէջ: Համաձայն աղբիւրին՝ անոնք բուժումը պիտի շարունակեն Թուրքիոյ մէջ, ուր պիտի տարուին 9 Օգոստոսին։ Անոնց բուժման ծախսերը պիտի հոգայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հովանիին տակ գործող Թրքական համագործակցութեան ու համակարգման գործակալութիւնը (TIKA):
\n
\n