Էրտողան. «Ինծի համար վրացի ըսին, կը ներէք, աւելի՛ գէշը, ինծի համար հայ ըսին»
\n
\n
Օգոստոս 5-ին, Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան թրքական NTV եւ Star հեռատեսիլի կայաններուն կողմէ կազմակերպուած հարցազրոյցի մը մասնակցեցաւ։ Յայտագիրը կը կոչուէր «Թեկնածուները կը խօսին»։ Վարչապետ Էրտողան, կը պատասխանէր Թուրքիոյ համար կարեւորութիւն ներկայացնող խնդիրներու առնչուած հարցումներու։ Էրտողան երբ ընդդիմադիրներու կողմէ իր դէմ եղած թշնամական արտայայտութիւններուն մասին կը խօսէր, ունեցաւ արտայայտութիւն մը, որ իր ստուերը թողուց ամբողջ հարցազրոյցին վրայ եւ յաջորդ օրը թրքական մամուլին կողմէ ներկայացուեցաւ որպէս «Հայերու նկատմամբ ատելութեան արտայայտութիւն»։ Վարչապետը ըսաւ. «Ինծի համար վրացի ըսին, կը ներէք, ատկէ ալ աւելի գէշը, ինծի Հայ ըսին»։
\n
Իսթանպուլի «Մարմարա» օրաթերթը այս մասին անդրադառնալով կը գրէխ «Վարչապետ Էրտողանին այս արտայայտութիւնը իսկապէս շատ ցնցիչ էր. նախ կը վիրաւորէր վրացիները, քանի որ այն տպաւորութիւնը կը ստացուէր, որ վրացի նկատուիլը նուաստացուցիչ էր։ Բայց անոր յաջորդող պարբերութիւնը բազմապատիկ աւելի ծանր էր հայերու հասցէին, որովհետեւ վարչապետը ըսել կÿուզէր որ վրացի նկատուիլը թէեւ գէշ էր, բայց հայ նկատուիլը անկէ ալ աւելի գէշ էր։ Կարելի չէ չզարմանալ բեմերու վրայէն խօսողներու այս անխոհեմ արտայայտութիւններուն վրայ, որոնք պատճառ կը դառնան որ որոշ զանգուածներ դժգոհ մնան անոնցմէ»։
\n