Նախագահը Դէմ Է Սահմանամերձ Գիւղերու Բնակչութիւնը Զինելուն
\n
\n ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 24 Յուլիսին հանդիպում ունեցած է Հանրային խորհուրդի անդամներուն հետ:
\n Հանրային խորհուրդին կողմէ ներկայացուած են բազմաթիւ առաջարկներ՝ սահմանամերձ գօտիի ամրապնդման եւ անվտանգութեան ապահովման խնդիրներուն վերաբերող: Սահմանամերձ գիւղերու բնակչութիւնը զինելու հարցին առնչուող քննարկումներուն ընթացքին նախագահ Սարգսեան դէմ արտայայտուած է եւ հանգամանօրէն ներկայացուցած է այսօր արդէն առկայ բոլոր այն կարելիութիւնները, որոնք ստեղծուած են զինուած ուժերու շարքերուն մէջ՝ զէնք բռնելու ատակ սահմանամերձ բնակիչներուն համար:
\n Նախագահին ներկայացուած են խորհուրդի տարբեր յանձնաժողովներուն մէջ մինչ այս քննարկուած՝ հասարակութիւնը մտահոգող շարք մը հարցեր եւ անոնց վերաբերեալ խորհուրդի մօտեցումները, վերլուծութիւններուն արդիւնքներն ու առաջարկները: Յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուած է արտագաղթի հարցին, այդ երեւոյթին դրդապատճառներուն, հետեւանքներուն եւ զայն կանխարգիլելու կարելիութիւններուն, Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան գործընթացին, անդամակցութեան պարագային՝ Հայաստանի զարգացման նոր կարելիութիւններուն, սահմանամերձ գօտիի ամրապնդման ու անվտանգութեան ապահովման, հանքարդիւնաբերութեան եւ բնապահպանական խնդիրներուն, ելեկտրականութեան սակի բարձրացման, կուտակային կենսաթոշակային համակարգի ներդրման հարցերուն, ինչպէս նաեւ Սահմանադրութեան բարեփոխումներուն:
\n \n