Տեմիրթաշ կը խոստանայ, որ «հայ» բառը Թուրքիոյ մէջ յետ այսու որպէս հայհոյանք չգործածուի
\n
\n
Թուրքիոյ նախագահական թեկնածու, քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP) համանախագահ Սալահէտտին Տեմիրթաշ Լոնտոնի մէջ ներկայ եղած է իր ընտրապայքարին զօրակցող հանրահաւաքի մը, որուն մասնակցած են քիւրտեր եւ թուրքեր։
\n
Իրենց իշխանութեան գալով` ընդդիմադիր թեկնածուն վստահեցուցած է, որ Թուրքիոյ հանրային ու քաղաքական կեանքը էապէս արմատական փոփոխութիւններու պիտի ենթարկէ։ Ան քննադատած է նաեւ Էրտողանն ու անոր վարչակարգը։
\n
Հանրահաւաքի ընթացքին ան յայտարարած է. «Այնպիսի կեանքի մը սկիզբը պիտի դնենք, որ սուննի իսլամը և ալևին իրար հանդէպ չկասկածին, իրարմէ եղբայրութեան բույր առնեն միայն: Այնպիսի կեանքի մը սկիզբը պիտի դնենք, որ չքաւորները, գործազուրկները, թոշակառուները ստիպուած չըլլան աշխատիլ գոյութիւն պահպանելու համար: Այնպիսի կեանքի մը սկիզբը պիտի դնենք, որ թուրքը չ՚ատէ քիւրտին, «հայ» բառը այլևս չգործածուի իբրև հայհոյանք, հրեաները սպառնալիքներ չստանան, փողոցներու մէջ կիներ չսպաննուին»։
\n
Տեմիրթաշ զազայախօս քիւրտ է։ Ծնած է Խարբերդ նահանգի Բալու քաղաքին մէջ 1973-ին։
\n