Ալաշկերտ Յաղթեց Թուրքիոյ Գերբաժակակիրի Ներկայացուցիչին

 

10559691_337912253022918_3035409571215502832_nArmSport.am հայկական լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող Ալաշկերտ նախորդ շաբաթավերջին 2-0 արդիւնքով յաղթեց Թուրքիոյ գերբաժակակիրի ներկայացուցիչ Պալըքեսիրսփոր խումբին:

Հայկական կազմին կոլերը նշանակեցին Միհրան Մինասեան եւ Արամ Բարեղամեան` յաջորդաբար Ա. եւ Բ. կիսախաղերուն:

Այսօր` երկուշաբթի, 21 յուլիսին, Ալաշկերտ կը վերադառնայ Երեւան եւ մինչեւ ախոյեանութեան ազդանշանը տրուիլը իր մարզումները կը շարունակէ Նայիրի մարզադաշտին վրայ, կը յայտնէ ակումբին պաշտօնական կայքը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.