Հալէպի մէջ ընդդիմադիր խմբաւորումները կը տկարանան, իսկ բանակը պաշարման օղակը կը սեղմէ

\n

\n

Էտուըրտ Տարք «ալ-Մոնիթըր»-ի կայքին վրայ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Հալէպի մէջ Լիուա ալ-Թաուհիտ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորման հրամանատար Ապու Համուտ՝ պատասխանելով սուրիական վարչակարգին եւ Իսլամական պետութեան (ISIS -ՏԱՀԵՇ) կողմէ Հալէպի վրայ յարձակումները դիմակայելու սուրիական զինեալ ընդդիմութեան պատրաստուածութեան մասին հարցումի մը յայտնած է.«Պէտք է անկեղծ ըլլամ։ Կացութիւնը փայլուն չէ»։ Ան այն մտավախութիւնը յայտնած է, որ առանց ուժերու ամրապնդման եւ յաւելեալ զէնքերու իրենք Հալէպ քաղաքը պիտի զիջին վարչակարգին, իսկ նահանգի գաւառային շրջանները՝ Իսլամական պետութեան։
Հալէպը Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ մեծագոյն «մրցանակն» է եւ ան որ այս շրջանին կը տիրէ՝ երկարատեւ ու արիւնալի այս հակամարտութեան մէջ իր հետագայ յաղթանակը կ՚ապահովէ։ Այս մէկը ոչ միայն վարչակարգն ու ընդդիմութիւնը գիտեն, այլ նաեւ Իսլամական պետութիւնը, որ իր նորահաստատ խալիֆայութեան սահմաններու ընդլայնման եւ տնտեսական բազմազանութեան ապահովման ծիրին մէջ իբրեւ թիրախ նկատի ունի Հալէպը։

Վերջին շաբաթներու ընթացքին, վարչակարգի ուժերը շարք մը տեղական եւ օտար միլիսներու օժանդակութեամբ նկատառելի յառաջխաղացք արձանագրած են՝ գրաւելով քաղաքին հիւսիսարեւելքը գտնուող եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Շէյխ Նաժժար ճարտարուեստական շրջանը։ Բանակը կը ծրագրէ նաեւ գրաւել հետեւակ ուժերու դպրոցն ու Հանտարաթ ճամբարը։ Եթէ բանակի այս ծրագիրը յաջողի՝ Հալէպ քաղաքի ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող բաժինը ամբողջովին պաշարուած պիտի ըլլայ եւ գիւղական շրջաններուն հետ անոր կապը խզուած։ Այս մէկը մարտավարութիւն մըն է, որ նախապէս վարչակարգին կողմէ յաջող կերպով կիրարկուած է Հոմսի եւ Դամասկոսի մէջ։ Առայժմ, եթէ արտակարգ փոփոխութիւններ չըլլան, կը թուի, որ վարչակարգը իր նպատակը յաջողութեամբ պիտի պսակէ եւ ընդդիմադիրները ոչինչ պիտի կարողանան ընել այդ մէկը կանխարգիլելու համար։ 

Մինչ այդ երկու կողմերը կը շարունակեն յաւելեալ ուժեր կուտակել։ Սակայն Իտլիպէն ընդդիմութեան օժանդակութեան համար ճամբայ ելած Լիուա Տաուտ խմբաւորումը անջատուած է ընդդիմութենէն եւ միացած Իսլամական պետութեան եւ հաւանաբար գլխաւորէ Հալէպի նահանգի հիւսիսային շրջաններուն դէմ վերջինիս յարձակումը։ Այս երեւոյթը ներկայիս մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ ընդդիմութեան ղեկավարութեան, որովհետեւ քանի Իսլամական պետութեան վտանգը աւելի մօտենայ փոքր խումբեր կրնան բնաջնջումէն փրկուելու համար զօրաւոր կողմին միանալ։

Ընդդիմադիրներու ամէնէն ուժեղ խմբաւորումը՝ Ժապհաթ Նուսրան չարագուշակ քայլով մը հեռացաւ ընդդիմադիրներու Իսլամական օրէնքի խորհուրդէն, որուն պարտականութիւնը ընդդիմադիրներու վերահսկողութեան տակ եղող շրջաններու կառավարումն է։ Տակաւին յստակ չէ, թէ այս քայլը ճիշդ ինչ կը նշանակէ, սակայն շատեր կը նշեն, որ Ժապհաթ Նուսրան Իսլամական պետութեան կողմէ Տեր Զօրի իր կեդրոնատեղիներէն դուրս մղուելէն ետք՝ աւելի մեկուսացած եւ անկառավարելի դարձած է։

Իսլամական պետութիւնը դանդաղ, սակայն հաստատ քայլերով կը յառաջանայ դէպի Մանպիժ եւ ալ-Պապ։ Անոր յաջորդ յարձակումը հաւանաբար Ազազ քաղաքին վրայ ըլլայ, ճիշդ ինչպէս պատահած էր Սեպտեմբեր 2013-ին։ Ընդդիմադիր ղեկավարները ջղագրգիռ են։ Պատերազմի դաշտին վրայ անոնց ուժերուն կրած կորուստները մեծապէս ազդած են անոնց բարոյականին վրայ։ Հալէպի մէջ տակաւին գործող երկու գլխաւոր խմբաւորումները Իսլամական եղբայրներու առնչակից եւ Քաթարի աջակցութիւնը վայելող Լիուա ալ-Թաուհիտն է եւ Քայիտայի առնչակից Ժապհաթ ալ-Նուսրան։ Հալէպ քաղաքի եւ նահանգի ճակատներու պաշտպանութեան բեռը անոնց ուսերուն է։

Եթէ Լիուա ալ-Թաուհիտի երկու ամրոցները՝ Թալլ Ռիֆհաթը եւ Մարէան Իսլամական պետութեան ձեռքը անցնին, ապա այդ խմբաւորումը գործնական գետնի վրայ վերջ պիտի գտնէ։ Ժապհաթ ալ-Նուսրայի ճակատագիրը աւելի լաւ յոյսեր չունի։ Կը մնան աւելի փոքր խմբաւորումները, որոնք կամ Իսլամական պետութեան մաս պիտի կազմեն կամ ամբողջովին բնաջնջուին։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.