44-օրեայ պատերազմի զոհերու թիւին շուրջ իշխանութեան հակասական տուեալները կը շարունակուին
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Քննչական կոմիտէն դարձեալ հրապարակած է 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով հայկական կողմի զոհերուն վերաբերող պաշտօնական տուեալները՝ այն պահուն, երբ իշխանութեան տարբեր ներկայացուցիչներու կողմէ տարիներ շարունակ հնչեցուած իրարամերժ թիւերը կը շարունակեն հարցադրումներ յառաջացնել։
Քննչական կոմիտէի տուեալներով՝ պատերազմի հետեւանքով զոհուած է 3833 անձ, որոնցմէ 3755-ը՝ զինծառայող, իսկ 78-ը՝ քաղաքացիական անձ։ Միաժամանակ, 191 անձի կարգավիճակը կը մնայ անյայտ. անոնցմէ 172-ը զինծառայողներ են, իսկ 19-ը՝ քաղաքացիական անձեր։
Քննչական կոմիտէի նոր պարզաբանումը կը յաջորդէ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի՝ Չեխիա կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին կատարած յայտարարութեան, ըստ որուն հայկական կողմը 44-օրեայ պատերազմին ունեցած է 4800 զոհ։
Պատերազմէն գրեթէ վեց տարի ետք, զոհերու ճշգրիտ թիւին շուրջ անորոշութիւնը կը շարունակէ մնալ հանրային քննարկման եւ իշխանութիւններու նկատմամբ անվստահութեան պատճառ։ Անցնող տարիներու ընթացքին պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ հրապարակած են իրարմէ տարբեր թիւեր՝ 3755-էն մինչեւ 4000 եւ աւելի, իսկ նախագահի վերջին յայտարարութիւնը անգամ մը եւս ընդգծած է պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն միջեւ առկայ հակասութիւնները։
Ընդդիմադիր ուժերը տարիներէ ի վեր իշխանութիւնները կը մեղադրեն պատերազմի ծանր մարդկային կորուստներուն եւ անոնց շուրջ ամբողջական հաշուետուութեան բացակայութեան համար՝ յաճախ խօսելով շուրջ 5000 զոհի մասին։
Այս պայմաններուն մէջ իշխանութեան կողմէ ամբողջական եւ մէկտեղուած պաշտօնական ցանկ մը չհրապարակելու հանգամանքը կը շարունակէ կասկածներ ու հարցադրումներ յառաջացնել։ Վեց տարի անց, 44-օրեայ պատերազմի զոհերուն վերջնական թիւին շուրջ պետական կառոյցներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հակասական յայտարարութիւնները կը շարունակեն մնալ պատերազմի հետեւանքներուն համար քաղաքական եւ պետական պատասխանատուութեան ամենազգայուն հարցերէն մէկը։