Տարածաշրջանի Նոր Մարտահրաւէրները

\n

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

\n

 

\n

\n

Իսլամ ծայրայեղականներու ISIS կոչուող խմբաւորումը (իր յաջորդական քանի մը անուանափոխութիւններով), որ տիրացաւ Մուսուլի նաֆթահորերուն, արդէն ինքզինք հռչակած է խալիֆայութիւն՝ շարժման ղեկավար Ապու Պաքրի գլխաւորութեամբ: Սիւննի ծայրայեղականներու այս խարիսխը բոլորովին նոր հարցականներու առջեւ կը դնէ մեծապետական ուժերը եւ առաջին հերթին՝ Թուրքիան եւ Իրանը: Նոր իրավիճակ է նաեւ քիւրտերուն համար:

\n

Ապու Պաքրի ուժերուն թիրախը, այս պահուն, Իրաքի շիիներն են: Աւելի ճիշդ՝ Իրաքի հարաւային ճանապարհը: Եթէ կրցան այդ ճանապարհը առնել իրենց հակակշիռին տակ, կը դառնան հզօր դերակատար տարածաշրջանին մէջ՝ բանակցութիւն պարտադրելով Թուրքիոյ, Իրանի, Արաբական թերակղզիի պետութիւններուն, Արեւմուտքին եւ Ռուսիոյ: Միջին Արեւելքի պատկերը հիմնովին կը յեղաշրջուի:

\n

Միւս կողմէ, եթէ չկրցան ճամբայ հարթել դէպի Արաբական (կամ Պարսից) ծովածոց, իրենց յաջորդ ռազմավարութիւնը պիտի ըլլայ համակեցութեան եզրեր գտնել իրենց անմիջական հարեւանութեան մէջ, որպէսզի ապահովեն «Խալիֆայութեան» լինելիութիւնը: Պէտք է կարենան դաշնակցիլ (առնուազն բանակցիլ) շրջանի ուժերէն գոնէ մէկուն հետ: Ասիկա կենսական նշանակութիւն ունի իրենց համար: Արդ, որո՞ւն հետ կրնան այդ կարեւոր յարաբերութիւնը զարգացնել: Իրենք բնական թշնամիներն են Իրաքի շիիներուն, հետեւաբար նաեւ՝ Իրանի: Առայժմ այդ մէկը չի կրնար փոխուիլ: Բնական թշնամին են Ասատի իշխանութեան, որով կը փակուի նաեւ Սուրիոյ ճանապարհը: Սուրիոյ հիւսիսը ամրացած Քայիտայի եւ համախոհներու ծայրայեղական ուժերը, առայժմ գէթ, Ապու Պաքրի կը նային որպէս մահացու վտանգի: Նկատի առնելով այս բոլորը, իրենց հաւանական դաշնակիցը կրնայ ըլլալ միայն Թուրքիան:

\n

Թուրքիոյ եւ Ապու Պաքրի միջեւ առայժմ գոյութիւն ունի ախոյեաններու յարաբերութիւն: Թուրքիոյ առաջին բնազդը պէտք է թելադրէ զինու զօրութեամբ լուծարել այս յաւակնորդը եւ տիրանալ Մուսուլի քարիւղին, որ Քեմալի օրերէն ի վեր եղած է Թուրքիոյ երազը: Այս նպատակին համար, Թուրքիա կրնայ քիւրտերը ներքաշել «Խալիֆայութիւն»ը շրջափակելու եւ խեղդելու իր ռազմավարութեան ոլորտէն ներս: Առաջին հերթին, Իրաքեան Քիւրտիստանը տրամաբանական դաշնակից մըն է Թուրքիոյ՝ «Խալիֆայութեան» վտանգը միասնական ուժերով դիմագրաւելու համար: Նաեւ՝ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ քիւրտերը (փոխադարձ շահերով) պէտք է ի վերջոյ հնարաւոր ըլլայ ներգրաւել այս գործին մէջ: Թուրք-քրտական հաշտութեան կարեւոր հիմ կրնայ հանդիսանալ այս ռազմավարութիւնը: Այսպիսի բանակցութեան մը որպէս հետեւանք՝ Իրաքեան Քիւրտիստանի թաթը Քերքուքի քարիւղին վրայ մեծապէս կ՛ամրանայ, իսկ Քերքուքի քարիւղը արդէն մտած կ՛ըլլայ Թուրքիոյ ռազմավարական պաշարներու հաշուարկին մէջ կախեալ ըլլալով Թուրքիոյ ճանապարհներէն: Այս բանին համար, Թուրքիա կը ստանայ Արեւմուտքի լիակատար զօրակցութիւնը: Պէտք չէ զարմանալ, եթէ Թուրքիա նաեւ ի վերջոյ ստանայ Ռուսիոյ անուղղակի զօրակցութիւնը… եւ Իրանի անխօս համաձայնութիւնը: Բայց այս բոլորը կ՛ենթադրէ պատերազմական գործողութիւններ սիւննի ծայրայեղականներու այս թեւին դէմ: Թուրքիա պիտի ուզէ՞ դիմել այդ միջոցին…

\n

Թուրքիոյ երկրորդ փոխընտրութիւնը Ապու Պաքրի հետ համաձայնութեան գալն է: Այսօր Ապու Պաքր Թուրքիոյ ճամբով միայն կրնայ Մուսուլի քարիւղը արժէքի վերածել: Կը ստեղծուի դաշինք մը Թուրքիոյ եւ Ապու Պաքրի միջեւ, որմով Թուրքիա ուժեղ հակակշիռ կը ստեղծէ Սուրիոյ, Իրանի, Արաբական թերակղզիի պետութիւններուն, Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ նկատմամբ եւ իր դիրքերը տարածաշրջանին մէջ աւելի եւս կ՛ամրապնդուին: Առաւե՛լ՝ Ապու Պաքր ինքնաբերաբար կը դառնայ Թուրքիոյ տնտեսական արբանեակը. ճիշդ ինչպէս Իրաքեան Քիւրտիստանն է այսօր: Այսպիսի դաշինք մը նաեւ կը զօրացնէ Թուրքիոյ դիրքերը Իսրայէլի նկատմամբ: Եթէ Թուրքիա համոզիչ փաստեր հայթայթէ այն առումով, որ այս բոլորով ինք կը միտի տարածաշրջանի կայունութիւնը ապահովելու (ինչ որ ալ ըլլան իր յաւակնութիւնները), անհաւանական չէ, որ ԱՄՆ եւ Եւրոպա հաշտ աչքով նային այս փոխընտրութեան: Միջին Արեւելքի քաղաքականութեան բանալին, այս ձեւով, լայն չափերով կ՛անցնի Թուրքիոյ ձեռքը:

\n

Այս լոյսին տակ, որպէսզի կարելի ըլլայ այս «թրքական» հաւասարակշռութեան հասնիլ, Թուրքիա, Իրան, Արեւմուտք եւ Ռուսիա պիտի հարկադրուին նոյն դիրքերէն գործելու (գէթ ժամանակաւորապէս) եւ խափանեն Ապու Պաքրի յառաջխաղացքը դէպի հարաւ եւ դէպի արեւմուտք: Այս բոլորը նաեւ կ՛ենթադրէ բոլորովին նոր դերակատարութիւն մը Իսրայէլի կողմէ: Նկատի առնելով շրջանի ներքին հակամարտութիւններու արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող պատկերը, երկարատեւ հաւասարակշռութեան մը կարելիութիւնները կրնան սահմանափակ ըլլալ եւ սակայն Թուրքիոյ վստահուելիք վերոյիշեալ դերակատարութիւնը այնուամենայնիւ վճռական հետեւանքներ կրնայ ունենալ ոչ միայն Միջին Արեւելքի, այլեւ Կովկասի համար: Եւ առաջին հերթին՝ Հայաստանի:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.