ՀՀ Ազգային Ժողովի պատուիրակութիւնը Օթթաուայի մէջ մասնակցեցաւ Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովին

\n

\n

Յուլիս 4-9-ը ՀՀ Ազգային Ժողովի պատուիրակութիւն մը` ի դէմս պատգամաւորներ Մարգարիտ Եսայեանի (ՀՀԿ), Մնացական Մնացականյեանի (ՀՀԿ) և Արմէն Ռուստամեանի (ՀՅԴ), Օթթաուայի մէջ` առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած է Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովին: Նիստերու ընթացքին, վաւերացուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերոնշեալ խորհրդարանական համագումարի լիիրաւ անդամակցութեան Հայաստանի դիմումը։

\n

Յուլիս 8-ին Գանատայի  ՀՀ դեսպանութիւնը կազմակերպած էր պատգամաւորներու հանդիպումը Օթթաուայի հայ համայնքին հետ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան, որմէ ետք պատգամաւորները հանգամանօրէն անդրադարձան հայկական պատուիրակութեան մասնակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովին և արդիւնքներուն, որուն յաջորդեց հարց ու պատասխանը:

\n

Այնուհետև, պաշտօնական ընդունելութեան ժամանակ ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան անմիջականօրէն ծանօթանալ պատուիրակութեան անդամներուն հետ:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.