«Gmail»ը Կը Հաղորդակցի Նաեւ Հայերէնով
1481
0
\n
\n ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Google» ընկերութիւնը 13 լեզուներ աւելցուցած է իր համացանցային նամակագրութեան՝ «Gmail» ծառայութեան, որ աշխարհի տարածքին համացանցային նամակագրութեան գլխաւոր միջոցը կը հանդիսանայ։ Այս որոշումով՝ «Gmail»ի միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ հաղորդակցիլ 71 լեզուներով, ներառեալ՝ հայերէնով:
\n Ըստ «PCWorld» կայքին՝ «Google» համագործակցած է խումբ մը լեզուաբաններու հետ, որպէսզի լեզուները ճշգրտօրէն օգտագործուին։
\n Աւելցուած լեզուներուն մէջ կան նաեւ վրացերէնը եւ ատրպէյճաներէնը։\n