Արցախի Իրավիճակը Աստիճանաբար Աւելի Վտանգաւոր Կը Դառնայ. Ուորլիք

\n

\n ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք հանդիպում մը պիտի ունենայ միւս համանախագահներուն հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման յաջորդ քայլերը քննարկելու համար:
\n Երեքշաբթի, Յուլիս 8ին «Թուիթըր»ի վրայ այս մասին գրած Ուորլիք նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է, որ Արցախի ներկայ իրավիճակը սկսած է աստիճանաբար առաւել վտանգաւոր դառնալու։
\n ԼՂՀ Նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան, արձագանգելով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահի սոյն գրառման՝ ըսաւ, որ իրավիճակը արդէն իսկ 20 տարի պահպանուած է. «Լաւ թէ վատ, բայց կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանուել է: Ոչ թէ ստատուս քուօն (ներկայ իրավիճակը) է վտանգաւոր, այլ վտանգաւոր է Պաքուի պահուածքը. այ սրա՛ վրայ պէտք է ուշադրութիւն դարձուի։ Եթէ դրա վրայ ուշադրութիւն չեն դարձնում, ապա դա հակամարտութեան կարգաւորում չի կարող դիտուել: Պէտք է հակամարտութեան այնպիսի կարգաւորում լինի, որ առաջին հերթին ստեղծուի համապատասխան մթնոլորտ», ըսաւ Դաւիթ Բաբայեան։
\n «Եթէ Պաքուն ասում է, որ պէտք է իր դրօշները դնեն Ստեփանակերտում, Շուշիում, ասում է, որ երբեք թոյլ չեն տալու, որ հայկական երկրորդ պետութիւն ստեղծուի, որ հայերը եկուոր են, նոյնիսկ երկրորդ կամ երրորդ սորտի (դասակարգ) մարդիկ են մեզ համարում, ապա ինչպէ՞ս պէտք է այս իրավիճակում կարգաւորում լինի: Այդ դէպքում՝ ստատուս քուոյի պահպանման այլընտրանքը ո՞րն է։ Եթէ առանց զգացմունքների եւ այլ շահերի մօտենանք հարցին, ապա տեսնում ենք, որ բարեբախտաբար թէ դժբախտաբար՝ այլընտրանք չկայ», նշեց Բաբայեան:
\n Բաբայեանն աւելցուց նաեւ, թէ իրենք, ի հարկէ, կողմնակից են տագնապի համապարփակ կարգաւորման, բայց նաեւ համոզուած են, որ այդ կարգաւորումը պէտք է այնպէս ըլլայ, որ բոլոր հարցերը լուծուին միաժամանակ, որպէսզի լուծուին պատճառները, այլ ոչ թէ շեշտը դրուի հետեւանքներուն վրայ, քանի որ այդ մէկը աւելի կը բարդացնէ իրավիճակը:\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.