Թուրքիան հրապարակած է Յուլիս 2014-ի դրութեամբ իր զինեալ ուժերու թիւը

\n

\n

Թուրքիոյ բանակը հրապարակած է Յուլիս 1-ի դրութեամբ էրքական բանակի թուաքանակի վերաբերեալ պաշտօնական տուեալները, ըստ որոնց, թրքական զիեալ ուժերու ընդհանուր թիւը շուրջ 675 հազար է։

\n

 Ըստ Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի տուեալներուն, թրքական զինեալ ուժերուն մէջ զօրավարներու եւ ծովակալներու թիւը 341 է, որոնցմէ 309-ը՝ ցամաքային, օդուժի եւ ծովուժի մէջ, 31-ը՝ ոստիկանութեան, 1-ը՝ առափնեայ անվտանգութեան ուժերուն մէջ։

\n

  Սպաներու ընդհանուր թիւը 38,921 է։ Կրտսեր հրամանատարական կազմի թիւն է 95,138։

\n

  Քաղաքացիական ծառայողներու թիւը Թուրքիոյ զինեալ ուժերու շարքերուն մէջ 53,187։

\n

  Թուրքիոյ զինեալ ուժերու ընդհանուր թիւը 675,329 է, որուն 622,142-ը զինուորներ են, իսկ 53,187-ը քաղաքայիններ։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.