Հայկական Բանակը Կրկին Կը Կասեցնէ Թշնամիի Թափանցման Փորձը

\n

\n

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 1 Յուլիսին Տաւուշի մարզին մէջ՝ Մեհրաբի ուղղութեամբ, ատրպէյճանական կողմը կատարած է ներթափանցման փորձ, որ կանխարգիլուած է հայ դիրքապահներուն կողմէ: «Երկիր»ին հասած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ ժամը 15։30–16։00ի շուրջ, օգտուելով Մեհրաբի կողմերը իջած մշուշէն՝ թշնամին փորձած է ճեղքել հայ սահմանապահներու պաշտպանական շղթան, ներթափանցել հայկական սահմանապահներուն կողմը եւ շրջափակել հայ զինուորները։ Բայց հայ սահմանապահները շուտով նկատած են ատրպէյճանական փորձը եւ համապատասխան քայլերու ձեռնարկած: Զգալով, որ հայ սահմանապահներուն կողմէ նկատուած է իրենց ներթափանցման փորձը, ատրպէյճանցի զինուորները բուռն կրակոցներ արձակած են հայ զինուորներուն ուղղութեամբ։ Այդ ատեն հայ զինուորները անցած են շրջանաձեւ պաշտպանութեան, եւ մօտ 10 վայրկեան ետք ատրպէյճանցիները ինկած են ծուղակին մէջ:
\n Հակառակորդին ներթափանցման գործողութիւնը, յատկապէս՝ յայտնաբերուելու պահուն, զուգորդուած է ատրպէյճանական դիրքերէ հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ արձակուած թոյլ կրակոցներով: «Երկիր»ի աղբիւրին համաձայն՝ «մերոնք ադրբեջանցիների ջարդը լաւ տուել են», բայց քանի որ մառախուղ է եղել, հայ զինուորները չեն տեսել, թէ ինչ կորուստներ ունի հակառակորդը, որովհետեւ նրանք, դարձեալ մառախուղից օգտուելով, նահանջել են՝ այդպէս էլ չկարողանալով հատել անգամ չէզոք գօտին»:
\n Այս առումով «Երկիր»ը դիմած է պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանին, որ տեղեկացուցած է, թէ հայկական կողմէն զոհեր ու վիրաւորներ չկան, իսկ հակառակորդին կողմէ կորուստներուն մասին տուեալներ չունին, քանի որ հակառակորդը միջադէպի վայրը զոհ կամ վիրաւոր չէ ձգած:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.