Թուրք Եւ Հայ Մասնագէտներու Միջեւ Կապեր Հաստատելու Նախաձեռնութիւն

\n

\n

ՊՈԼԻՍ.- Հրանդ Տինքի անուան հիմնադրամը, Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ, նախաձեռնած է Թուրքիա-Հայաստան փորձառութեանց փոխանակման ծրագիրի մը՝ երկու երկիրներու մասնագէտներուն միջեւ ուղղակի կապերը զարգացնելու եւ համագործակցութիւնը խթանելու նպատակով:
\n Փոխանակման նախագիծէն պիտի օգտուին Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն 18 մասնագէտներ, որոնց հնարաւորութիւն պիտի տրուի ապրելու եւ յստակ ծրագիրի մը համար գործունէութիւն ծաւալելու դրացի երկիրի հիւրընկալ կազմակերպութեան մը մէջ՝ 4էն 8 ամիսներու ընթացքին: Հիւրընկալող կազմակերպութիւններուն կողմէ առաջարկուող ծրագիրներուն կողքին, դիմող մասնագէտները նաեւ կրնան առաջարկել իրենց գաղափարները:
\n Թուրքիայէն 63 կազմակերպութիւն, իսկ Հայաստանէն՝ 25, պիտի հանդիսանան հիւրընկալող կազմակերպութիւնները դրացի երկրի մասնագէտներուն համար:
\n Փոխանակման նախագիծը նպատակ ունի միջսահմանային ուսուցման հնարաւորութիւններ տրամադրել այնպիսի ոլորտներու մէջ, որոնք կրնան համագործակցութիւն խթանել, ինչպէս՝ գիտութիւն, քաղաքացիական հասարակութիւն, լրատուամիջոցներ, մշակոյթ եւ արուեստ, լեզու կամ թարգմանչական գործ, իրաւաբանութիւն եւ այլն:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.