Հայաստանի մէջ տարեկան 1500 երեխայ լոյս աշխարհ չի գար աղջիկ ըլլալու պատճառով

\n \n

\n \n Մինչեւ 2060 թուական Հայաստան պիտի կորսնցնէ 100 հազար աղջիկներ\n \n
\n
\n Սեռով պայմանաւորուած արուեստական վիժումններու հետեւանքով, Հայաստանի մէջ տարեկան 1500 աղջիկ չի ծնիր։ Հայաստանի առողջապահութեան Նախարարութիւնը ժողովրդագրական այս կարեւոր հարցին լուծում մը գտնելու նպատակով պատրաստուած է օրինագիծ մը, որով սաղմին մինչեւ սաղմի 30 շաբաթական դառնալը, կ՚արգիլուի ծնողներուն յայտնել ապագայ երեխայի սեռը եւ հասարակութեան մէջէն հանել «տղայակեդրոն» մօտեցումը։\n
\n
\n Երեւանի «Մէտիա կեդրոն»ի մէջ այս հարցի շուրջ վերջերս սարքուեցաւ ասուլիս մը եւ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչ Գարիկ Հայրապետեան յայտնեց որ սաղմի սեռը չյայտնելու մասին օրէնքի նախագիծը նախ եւ առաջ պատգամ մըն է եւ օրէնքը սատար պիտի հանդիսանայ բոլոր այն կիներուն, որոնք կը ստիպուին արուեստական վիժումներու դիմել ընտանիքի անդամներու ճնշումով։ Օրինագիծի համաձայն, մինչեւ որ յղութիւնը հասնի 30 շաբթուայ, բժիշկներուն արգիլուած է յայտնել ապագայ երեխայի սեռը։\n
\n
\n Քննարկում-ասուլիսին կը մասնակցէին նաեւ Առողջապահութեան Նախարարութեան Մօր եւ մանկան առողջութեան վարչութեան պետ Կարինէ Սարիբէկեան եւ Ազգային Ժողովի Առողջապահութեան եւ մանուկներու հարցերու մնայուն յանձնաժողովի փորձակէտ Անոյշ Սուքիասեան։\n
\n
\n Երրորդ երեխայի պարագային 100 աղջկայ համեմատութեամբ լոյս աշխարհ կուգան 160 տղայ զաւակներ, ինչ որ «քաթասթրոֆիք» ցուցանիշ մըն է, նշեց Կարինէ Սարիբէկեան, աւելցնելով որ հայեր տակաւին կ՚առաջնորդուին «տան ծուխը չմարելու հոգեբանութեամբ», երբ տղայ երեխայ ունենալը կը նկատեն պարտադիր պայման։ Ըստ բանախօսին, այս միտումներով մինչեւ 2060 թուական Հայաստան պիտի կորսնցնէ 100 հազար աղջիկներ։\n
\n
\n Անդրադառնալով միջազգային փորձառութեան, Կարինէ Սարիբէկեան նշեց որ Հարաւային Գորէայի մէջ արգելքը կ՚ենթադրէ դատական հետապնդում թէ՛ բժիշկի եւ թէ յղի կնոջ դէմ, սակայն Հայաստանի մէջ միայն վարչական տուգանք կը նախատեսուի։ \n

\n \n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.