Թորոնթոյի ՀՕՄի Պապայեան Մանկապարտէզի, Գոլոլեան Նախակրթարանի եւ Երկրորդական Վարժարանի 2014-ի հունձքը

\n

 

\n

\n

Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահը, յունիս ամսուն, անգամ մը եւս իր դռները բացաւ Թորոնթոհայութեան դիմաց, ՀՕՄի Պապայեան Մանկապարտէզի, Գոլոլեան Նախակրթարանի եւ Երկրորդական Վարժարանի աւարտական հանդէսներու եւ վկայականներու բաշխման առիթով: Հանդէսներուն ներկայ գտնուեցան Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեան, Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեան, Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, վարժարանի կրթական մարմինը՝ ներկայացուած ատենապետ Տիկ. Անի Հոթոյեան-Ժոլիի կողմէ, տնօրէն՝ Դոկտ. Արմէն Մարտիրոսեան, փոխ-տնօրէն՝ Տիար Րաֆֆի Սարգիսեան, ուսուցչական կազմ, ծնողներ, եւ բարերարներ:

\n

 Հանդէսներու շարքի առաջինն էր երկրորդական վարժարանի աւարտական հանդէսը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 13 յունիս 2014ի երեկոյեան ժամը 7:00ին:

\n

            Հանդիսաւոր երաժշտութեամբ եւ բուռն ծափահարութիւններով սրահ մուտք գործեցին երկրորդական վարժարանի 10-րդ հունձքի 16 շրջանաւարտները: Հնչեցին Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգները: Հայ Գրականութեան ուսուցչուհի՝ Տիկ. Աշխէն Մալխասեանի եւ Անգլերէն Գրականութեան ուսուցչուհի՝ Տիկ. Մարսի Տրայմըրի բարի գալուստի խօսքերէն ետք, աւանդութեան համաձայն, շրջանաւարտները յուզմունքով արտասանեցին Պ. Սեւակի «Քիչ ենք, Բայց Հայ Ենք» բանաստեղծութիւնը:

\n

             Շրջանաւարտ դասարանի անունով, Կարօ Նազարեան (Հայերէն) եւ Թալին Պօղոսեան (Անգլերէն) ընթերցեցին հրաժեշտի եւ երախտիքի խօսքը՝ դպրոցին: Անոնք բարձր գնահատեցին վարժարանիս մէջ իրենց ստացած ուսումը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն՝ շարունակական հոգատարութեան համար:

\n

 

\n

\n

 

\n

             Վարժարանիս տնօրէն՝ Դոկտ. Արմէն Մարտիրոսեան շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ անոնց ծնողներն ու ուսուցիչները եւ շրջանաւարտներուն յանձնեց մրցանակները՝ հաստատուած կրթական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու եւ անհատ ազգայիններու կողմէ:

\n

            Կրթական մարմինի ատենապետ՝ Տիկ. Անի Հոթոյեան-Ժոլի հանդիսականներուն հետ կիսեց վարժարանի արձանագրած յաջողութինները եւ շնորհաւորեց շրջանաւարտները՝անոնց մաղթելով պայծառ ապագայ:

\n

            Ապա կատարուեցաւ վկայականներու բաշխման յուզիչ եւ խորհրդանշական արարողութիւնը, ձեռամբ Տիկ. Ժոլիի, Դոկտ. Մարտիրոսեանի, Տիկ. Մալխասեանի եւ Տիկ. Տրայմըրի: 

\n

            Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Սրբազան Հօր ազգային սրբութիւններուն ամուր կառչած մնալու հայրական խորհուրդով եւ պահպանիչով: Ապա շրջանաւարտները վեր նետեցին իրենց գլխարկները, ի նշան ուրախութեան՝ յաջողութեամբ աւարտելու դպրոցը եւ  պատրաստ ըլլալնուն՝ նորանոր բարձունքներ գրաւելու:

\n

             Թորոնթոհայութիւնը տարբեր աշխարհ մը փոխադրուեցաւ երեքշաբթի, 17 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00ին: Պապայեան Մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի աւարտական հանդէսն էր այդ օր: Խանդավառ պարեղանակով, 57 շրջանաւարտ աշակերտները հանդիսաւոր մուտք գործեցին հոծ բազմութեամբ լեցուն սրահը, իրենց հագուստներուն հետ ներդաշնակ ձեռնազարդերով ու բեմ եկան շարքերով՝ որպէս վարժարանիս 35-րդ հունձք։

\n

 Հանդէսը սկսաւ բարի գալուստի մաղթանքներով, ուր աշակերտները Հայերէն, Անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով արտասանեցին, ապա միասնաբար կատարեցին իրենց խոստումը՝ տիպար աշակերտներ ըլլալու եւ Հայ դպրոցին եւ ազգին պարծանքը դառնալու ։ Երգեցին «Ուրախ Առաւօտ», «Այս Զով Այգին», «I Can Go To The Distance», «J’ai Perdu Le Do», արտասանեցին անգլերէն «Oh! The Places You’ll Go» ոտանաւորը:

\n

 Ծաղիկ դասարանի ուսումնական ծրագիրին մաս կազմող «Երբ Մեծնամ» բաժինը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց հանդիսատեսներուն մօտ, երբ աշակերտները յայտնեցին իրենց ապագայի փափաքները՝ դառնալու ուսուցիչ, բժիշկ, հրշէջ, ոստիկան, եւայլն։

\n

Վարժարանիս փոխ-տնօրէն՝ Տիար Րաֆֆի Սարգիսեան շնորհաւորեց ծնողները եւ գնահատեց անոնց ցուցաբերած սէրն ու հետաքրքրութիւնը մեր վարժարանի հանդէպ. ան շնորհաւորեց նաեւ ուսուցչական կազմը անոնց տարած մայրական գուրգուրանքին եւ բծախնդիր ու հոգատար աշխատանքին համար։

\n

 Հանդէսը իր աւարտին կը մօտենար երբ աշակերտները երգեցին հրաժեշտի երգը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը՝ ձեռամբ փոխ-տնօրէն՝ Տիար Րաֆֆի Սարգիսեանի, Հայերէն լեզուի ուսուցչուհի՝ Տիկ. Յասմիկ Խրլաքեանի եւ Անգլերէն լեզուի ուսուցչուհի` Օրդ. Սարա Սթրէլըրի, որու յաջորդեց աշակերտներու «Մնաս Բարով Մանկապարտէզ» ուղերձը։

\n

 

\n

\n

 

\n

Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեանը իր սրտի խօսքը ուղղեց ծնողներուն, գնահատելով անոնց գիտակցութիւնն ու ցուցաբերած սէրը հայ դպրոցին հանդէպ եւ քաջալերեց բոլորին, որ անոնք առաջնորդեն իրենց զաւակները հայ վարժարան, որպէսզի անոնք լաւ հայեր դառնան. նաեւ ան մեծապէս գնահատեց բոլոր ուսուցիչներուն տարած զոհողութիւնները եւ վեր առաւ յատկապէս հայ ուսուցիչի կարեւորութիւնը հայ մանուկը դաստիարակելու աշխատանքին մէջ։

\n

 Հանդէսի աւարտին, շրջանաւարտ աշակերտները ելք գործեցին խանդավառ ծափահարութիւններով եւ քաջալերական արտայայտութիւններով ու գաւիթին մէջ ստացան յուշանուէրներ, նկարներ, եւ անհատական կարկանդակներ նուիրուած՝ իրենց ծնողներու կողմէ։

\n

 Աւարտական հանդէսներու վերջինը հանդիսացաւ՝ ութերորդի վկայականներու բաշխման հանդէսը, ուրբաթ, 20 յունիս 2014ի երեկոյեան ժամը 7։00ին։

\n

 

\n

\n

 

\n

 Արամ Խաչատուրեանի «Վարդագոյն Աղջիկներու Պարը» երաժշտութեամբ, սրահի երկու կողմերէն հանդիսաւոր մուտք գործեցին Միջնակարգի աւարտական 22 աշակերտները, ապա անատայի եւ Հայաստանի օրհներգներով հանդէսը բացուած համարուեցաւ։

\n

 Հայերէն լեզուի ուսուցչուհի՝ Տիկ. Յասմիկ Պապեանի եւ Անգլերէն լեզուի ուսուցչուհի` Տիկ. Նորա Պուքոյի բարի գալուստի խօսքերէն ետք, շրջանաւարտ աշակերտները հրաւիրուեցան կատարելու խմբական արտասանութիւն մը։ Մեր վարժարանի գոյութեան իմաստը եղող՝ հայեցի դաստիարակութիւնը լաւագոյնս կը դրսեւորէր Ս. Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն» բանաստեղծութիւնը,որ որպէս ուխտ եւ յանձնառութիւն արտասանեցին շրջանաւարտները, դաշնակի ընկերակցութեամբ, վարժարանիս երգի ուսուցչուհի՝ Տիկ. Սօնա Յովսէփեանի։

\n

 Շրջանաւարտներու անունով, երեք աշակերտներ՝ Արշակ Պետրոսեան (հայերէն), Մարալ Տէր Օհան (անգլերէն) եւ Լարա Յովակիմեան (ֆրանսերէն) լեզուներով յաջորդաբար կարդացին ուղերձներ։

\n

 Վարժարանիս տնօրէն՝ Դոկտ. Արմէն Մարտիրոսեան բեմ հրաւիրուելով, իր հանդիսաւոր խօսքը փոխանցեց ներկաներուն եւ շրջանաւարտներուն, որմէ ետք կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը։

\n

 Կրթական Մարմինի ատենապետ՝ Տիկ. Անի Հոթոյեան-Ժոլիի խօսքէն ետք, տնօրէնին եւ դաստիարակ ուսուցչուհի՝ Տիկ. Յասմիկ Պապեանի ձեռամբ, 22 աշակերտներ ստացան իրենց վկայականները։

\n

Սրբազան հօր յորդորդներէն, շնորհաւորական խօսքերէն ու պահպանիչէն ետք,հանդիսաւոր ելք կատարեցին շրջանաւարտները դէպի գաւիթ, այն համոզումով, որ երկրորդականի եւ համալսարանի պատրաստութեան սպասող իրենց մարտահրաւէրները պիտի պսակուին բեղումնաւոր իրագործումներով եւ այդ ոգիով է, որ հրաժշետ տուին միջնակարգին։

\n

 Ազգային արժէքներով եւ լաւագոյն աւանդոյթներով կրթուած Հայ երիտասարդներու սերունդ մը եւս ճամբայ ելաւ դէպի մեծ աշխարհ:

\n

Հայ մանուկներու բանակ մը խոստացաւ ծաղկեցնել «լոյսի օճախ, հայրենի տունը»:

\n

Հայ պատանիներու խումբ մը ուխտեց իր ընթացքը շարունակել այս հայակերտ ամրոցէն ներս, մի քանի տարի ետք միանալու շրջանաւարտներու փաղանգին:

\n

Ի հեճուկս ամէն անոնց, որոնք փորձած են, կը փորձեն ու պիտի փորձեն ջնջել հայը աշխարհի երեսէն, մեր աշակերտները որոտաձայն կը գոչեն՝

\n

«Կա՛նք:

\n

Պիտի լինե՛նք:

\n

 Ու դեռ – շատանա՜նք»:

\n

 Տնօրէնութիւն՝

\n

ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.