ՍՈՒՐԻԱՆ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ՆՈՒԱԶԱԳՈՅՆ ԽԱՂԱՂ ԵՐԿԻՐԸ

\n

 

\n

\n

Բրիտանական «Թհը Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ըստ Տնտեսութեան եւ խաղաղութեան հիմնարկին, աշխարհը վերջին 12 ամիսներուն ընթացքին շարունակած է խաղաղութեան գծով եօթնամեայ անկումը։ Ըստ Համաշխարհային խաղաղութեան ցանկին, որ հրապարակուած է Իրաքի վերջին զարգացումներէն առաջ, Սուրիան փոխարինած է Աֆղանիստանը՝ իբրեւ աշխարհի նուազագոյն խաղաղ երկիրը։

\n

Իրաքը Սուրիայէն եւ Աֆղանիստանէն ետք կը գտնուի 4-րդ դիրքին վրայ, Ռուսաստան՝10-րդ, Իսրայէլ՝ 13-րդ, Լիբանան՝ 16-րդ, Եգիպտոս՝ 18-րդ, Թուրքիա՝ 34-րդ, Ազէրպայճան՝ 39-րդ, Վրաստան՝ 51-րդ, Միացեալ Նահանգներ՝ 61-րդ, իսկ Հայաստան՝ 65-րդ։

\n

Իսլանտան պահպանած է իր ամենէն խաղաղ երկրի կարգավիճակը։ Անոր կը հետեւին յաջորդաբար Դանիան, Աւստրիան, Նոր Զելանտան, Զուիցերիան, Ֆինլանտան եւ Գանատան։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.