Ազրպէյճան կ՚արդիականացնէ իր զէնքերը

\n

\n

«Սթրաթֆոր» կը գրէ, որ Ուքրանիոյ տագնապին զուգահեռ ռուս-վրացական լարուածութիւնը վերստին մագլցում արձանագրած է՝ Եւրոպական Միութեան հետ Վրաստանի Ընկերակցութեան համաձայնութեան ստորագրումին մօտալուտ ըլլալուն, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի հետ համագործակցութեան սերտացման եւ նոյնիսկ հետագայ անդամակցութեան հեռանկարին պատճառով։ Մինչ այդ՝ Ազրպէյճան, որ Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքին միջեւ աւելի անկախ ընթացք մը որդեգրած է, դէպի Մոսկուա թեքելու նշաններ ցոյց կու տայ։

Ազրպէյճան կարողացած է զինուորական ու ռազմական իր յարաբերութիւնները շարունակել շարք մը երկիրներու հետ, մասնաւորաբար Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի հետ, սակայն նաեւ շարք մը այլ երկիրներու հետ՝ ինչպէս Ուքրանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Վրաստանի, Ղազախստանի, Սերպիոյ, Հարաւային Ափրիկէի եւ Պրազիլի հետ։ Ազրպէյճանի ռազմական սարքերուն մեծամասնութիւնը կը շարունակէ մնալ խորհրդային կամ ռուսական, սակայն Պաքու կը ջանայ նաեւ զէնքեր գնել Թուրքիայէն եւ Իսրայէլէն: 

Անցնող տասնամեակին քարիւղի եկամուտէն հարստացած Ազրպէյճան բանակի արդիականացման լայնածաւալ արշաւի մը ձեռնարկեց, որուն պատճառով Պաքուի ռազմական պիւտճէն նկատառելի կերպով ընդլայնուեցաւ եւ բանակին մարտականութիւնը ամրապնդուեցաւ։ Ազրպէյճանի զինուորական տկար կէտերէն շատերը դարմանուած են, սակայն տակաւին գոյութիւն ունին շարք մը մարզեր, որոնց մէջ կրնայ իր ռազմական կարողականութիւնը ամրապնդել՝ ձեռք ձգելով կարեւոր ռազմական սարքեր։

Ազրպէյճան կը կեդրոնանայ երեք մարզերու վրայ. Հայաստանի հետ ռազմական հաւասարակշռութեան բարելաւում, Ռուսիոյ եւ Իրանի բանակներուն կողմէ գործողութիւններու կանխարգիլում եւ Կասպից ծովու մէջ իր շահերու անվտանգութեան ապահովում։ Այդ նպատակներու իրագործման համար Ազրպէյճան կրնայ հետեւեալ զէնքերը գնել.

– Որովհետեւ Ազրպէյճանի օդուժի սարքերը գլխաւոր բաժինը խորհրդային կամ ռուսական է ռուսական կամ խորհրդային ծագում ունեցող սարքերէ հեռանալը կրնայ շատ սուղ արժել։ Ազրպէյճան կրնայ Քիեւէն գնել արդիականացուած «Միկ-29»-եր, «Սու-24»-եր, «Սու-25»-եր եւ «Առ-73/Առ-27» հրթիռներ։

– Պաքու իր օդակայաններու ենթակառոյցն ու հրամանատարութեան եւ ղեկավարման ցանցերու արդիականացման համար գործակցած է Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ հետ։ Ազրպէյճան կրնայ Միացեալ Նահանգներէն արդիական ռատարներ եւ հաղորդակցութեան սարքեր գնել՝ այդպիսով խթանելով երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը։

– Ազրպէյճան Իսրայէլէն շարք մը անօդաչու թռչող սարքեր, ներառեալ «Հերմես 450» տիպի սարքեր գնած է։ Նկատի ունենալով, որ Պաքու կը փափաքի իր հետազօտական կարողութիւնը խթանել՝ Իսրայէլէն եւ Միացեալ Նահանգներէն այդպիսի յաւելեալ սարքերու գնումը հաւանական է։ Եթէ Թուրքիա այդպիսի սարքերու արտադրութեան մէջ յառաջընթաց արձանագրէ, ապա Անգարա կրնայ նաեւ Անգարայէն այդպիսի սարքեր գնել։

– Ազրպէյճանի զինանոցին մէջ հրետանիներուն թիւը մեծ է։ Ազրպէյճան ձգտած է Թուրքիայէն «Թի-155 Ֆիրթինա» զէնքեր գնել, ինչ որ Ազրպէյճանի կարողականութիւնը նկատառելի կերպով կ՚աճեցնէ։

– Պաքու իր զինեալ ուժերուն մարտական ազդուութիւնը կրնայ խթանել գնելով մեծաթիւ արդիական գիշերային հեռադիտակներ եւ այլ նմանօրինակ սարքեր։ Միացեալ Նահանգներ (ինչպէս նաեւ Իսրայէլ եւ Թուրքիա) կրնան այդ տիպի սարքերու մատակարարման գլխաւոր աղբիւրը ըլլալ։

– Ազրպէյճանի սահմանափակ կարողականութիւն ունեցող ծովուժը Կասպից ծովուն մէջ գործողութիւններ կատարելու պարտականութիւն ունի։ Պաքու կը փորձէ իր կարողականութիւնը բարելաւել, սակայն բարելաւելու ձգտող արշաւ մը հաւանաբար շատ սուղ ըլլայ։ Բայցեւայնպէս, Ազրպէյճան կրնայ ծովային տարածքներու հետախուզութեան կարողութիւն ունեցող «Փի-3 Սի Օրիոն»-ի նման օդանաւեր գնել։ Միացեալ Նահանգներ ներկայիս կ՚արդիականացնեն «Փի-8 Փոսէյտոն» տիպի օդանաւերը, եթէ քաղաքականութիւնը արտօնէ կրնայ պատեհ առիթ ըլլալ այդ տիպի շարք մը օդանաւեր գնել։

Վերոնշեալ սարքերը կրնան նպաստել դիմակայելու համար Ազրպէյճանի հաւանական զինուորական սպառնալիքները։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.