«Ճիշդ Կը Լինի Յայտարարեն, Որ Պայքարում Են Ստուերի Դէմ». Արծուիկ Մինասեան
\n
\n
ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».– «Շրջանառութեան հարկի մասին» օրինագիծը տարբեր լոյսի ներքոյ ներկայացուեց եւ ամէն ինչի մասին խօսուեց, բացի բուն թեմայից»: Ազգային ժողովի նիստին այս մասին յայտարարած է ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:
\n
Ըստ անոր՝ նախագիծը կը ներկայացուի այնպէս, կարծես իշխանութիւնը գտած է արտագաղթը կասեցնելու ուղին, բայց անոր մէջ հակասութիւն կայ, մասնաւորապէս՝ կը խօսուի հարկման առաւել բարենպաստ պայմաններ ապահովելու մասին, ապա՝ մեծ տնտեսավարողներուն լիարժէք հարկում ապահովելու մասին։ «Նպատակները մի բան է, ակնկալուող արդիւնքը՝ այլ բան: Փորձում են պայքարել ստուերի դէմ, եւ ճիշդ կը լինի, որ դա յայտարարեն, թէ չէ հասան սահմանամերձ գիւղեր, արտագաղթ, Ռուսաստան գնացողներ: Ինչպիսի օրինագիծ էլ ներկայացնի իշխանութիւնը, այստեղ կը գտնուեն մարդիկ, որ ինչպէս յայտնի ֆիլմում, լացը կ՛ապահովեն», նկատել տուած է Մինասեան:
\n
Ան յայտարարած է, որ ընկերային-հոգեբանական գործօնն է արտագաղթի թիւ մէկ պատճառը: Ըստ պատգամաւորին՝ իշխանութեան տուած խոստումներուն եւ կատարածին միջեւ կապ չկայ. «Քիչ յետոյ կը քննարկուի մի օրինագիծ («Կուտակային կենսաթոշակների մասին»), որ այս երկրի կործանման սկիզբը կը դնի»:
\n