Արցախի Ազգային Վիճակահանութեան Գլխաւոր Նուէրը՝ Կրկին Նուիրուեցաւ

\n \n

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Արցախի փոխվարչապետ Արթիւր Աղաբեկեան ընդունած է Ֆրանսայի «Հայկական միջմասնագիտական միջազգային միաւորման» պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ կազմակերպութեան ղեկավար Գարուն Կիւլայի:
\n Նշենք, որ կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է 30 տարի առաջ, որուն 20 տարիներուն ընթացքին կրթական տարբեր ծրագիրներ իրականացուած է Երեւանի եւ Գիւմիրի մէջ:
\n Արցախ տրուած այս այցելութեան առիթը վերջերս «Շահում ես դու, շահում է երկիրը» վիճակաձգութեան գլխաւոր պարգեւն է, որուն արժանացած է ֆրանսահայ Զաւէն Մանճիկեանը: Վերջինս իր նուէրը՝ Ստեփանակերտի մէջ բնակարանը, նուիրած է կազմակերպութեան:
\n Ֆրանսայի «Հայկական միջմասնագիտական միջազգային միաւորման» ղեկավար Գարուն Կիւլան նշած է, որ կազմակերպութիւնը մտադիր է նուէր ստացած բնակարանի տարածքը օգտագործել որպէս գրասենեակ՝ հետագային Արցախի մէջ մնայուն ներկայացուցչութիւն ունենալու համար եւ Արցախի մէջ մասնագիտական վերապատրաստման ուսուցողական ծրագիրներ ծաւալելու նպատակով. «Այս այցելութիւնը մեզի համար ճանաչողական է: Մենք նպատակ ունինք մօտէն ծանօթանալու կառավարութեան ծրագիրներուն՝ կրթութեան եւ բարձր արհեստագիտութեան կիրարկման ոլորտին մէջ, որմէ ետք պիտի կողմնորոշուինք, թէ ինչ ծրագիրներ կրնանք իրականացնել»:
\n 19 Յունիսին ֆրանսական կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը ընդունած է վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Սլաւա Ասրեանը:

\n \n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.