Ցեղասպանութեան Դասաւանդութեան Բանաձեւը Կը Հաստատուի Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի Յանձնաժողովին Կողմէ

\n

\n

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Անցեալ Չորեքշաբթի, 18 Յունիսին, Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի Կրթութեան յանձնաժողովը միաձայնութեամբ հաստատեց Ցեղասպանութեան դասաւանդման բանաձեւը, որուն հեղինակն է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդի անդամ Ատրին Նազարեանը:
\n Յանձնաժողովը 7 թեր եւ 0 դէմ քուէով հաստատեց բանաձեւը, որ կը պարտաւորեցնէ Քալիֆորնիոյ դպրոցները՝ ներառելու Հայկական Ցեղասպանութիւնը դասաւանդող նիւթեր իրենց հասարակական գիտութեանց ծրագիրներուն մէջ:
\n Բանաձեւը նաեւ կը քաջալերէ կրթութեան պատասխանատուները՝ մարդկային իրաւանց վե-րաբերող նիւթեր դասաւանդելու ընթացքին ներառելու նաեւ բանաւոր պատմութիւններ՝ Ողջակիզումէն, Հայկական Ցեղասպանութենէն, ինչպէս նաեւ Քամպոտիոյ, Տարֆուրի եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւններէն վերապրողներու յիշողութիւններէն:
\n Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրը իրենց դպրոցական կրթական ծրագիրներուն մէջ ներառած են արդէն ԱՄՆի տասնմէկ նահանգներ՝ Քալիֆորնիա, Ճորճիա, Իլինոյ, Քենսըս, Մեսեչուսեց, Մինեսոթա, Նիւ Ճըրզի, Նիւ Եորք, Օհայօ, Ռոտ Այլընտ եւ Վըրճինիա:
\n Բանաձեւը յառաջիկային պիտի քննարկուի Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնաժողովին կողմէ, որուն հաստատման արժանանալէ ետք՝ պիտի դրուի Ծերակոյտի ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրայ:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.