Google Map-ը Կը Ճանչնայ Արցախը՝ Ատրպէյճանը Խուճապի Մատնելով

\n

\n

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– 18 Յունիսէն Google միջազգային որոնողական համակարգի Google map քարտէզին մէջ, Արցախը ներկայացուած է որպէս «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն», իսկ Շուշիի, Ստեփանակերտի, Հադրութի եւ կարգ մը այլ տարածքներու անունները՝ նաեւ հայերէն տարբերակով:
\n Այս մէկը պատճառ դարձած է Պաքուի զայրոյթին: Ատրպէյճանի Երկրաշարժներու ծառայութեան կեդրոնը, որ այլ երկիրներու նոյնանման ծառայութիւններուն պէս կ՛օգտուի Google map-էն իր պաշտօնական էջին վրայ, քարտէզին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները նկատած է Ատրպէյճանի դէմ սադրանք:
\n Կազմակերպութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Google-ը նախապէս ալ նոյնանման «սադրանքներ» կատարած էր, սակայն իրենց յամառ բողոքներէն ետք՝ վերցուցած է զանոնք:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.