Պասքեթպոլ. Մայք Դանիէլեան Հանդէս Պիտի Գայ Գերմանիոյ Մէջ

 

1806mayk-tanielianՄիացեալ Նահանգներու մէջ բնակող հայ պասքեթպոլիստ Մայք Դանիէլեան իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Գերմանիոյ մէջ, կը յայտնէ ArmSport.am:

Ան պայմանագիր մը կնքեց Գերմանիոյ Գ. դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող Պայէր-05 Ուերտինկենի հետ, որ կը ներկայացնէ Կրեֆելտը:

2011-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած համահայկական խաղերուն ան իր խումբին` Լոս Անճելըսի հետ աւարտականին յաղթեց Սոչիին` նշանակելով 49 կէտ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.