Հալէպի մէջ 70 դպիրներու եւ սարկաւագներու ձեռնադրութիւն

\n

\n

Հալէպի մեր պաշտօնակից «Գանձասար» շաբաթաթերթը կը յայտնէ, թէ Բերիոյ Հայոց Թեմի Կրօնական ժողովի տնօրինութեամբ, Երկուշաբթի, 16 Յունիս 2014-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամերգութենէն ետք, համաձայն Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ տօնացոյցին՝ Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութեան յիշատակին առիթով տեղի ունեցաւ թեմիս Ս. Քառասնից Մանկանց, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Աստուածածին, Ս. Գէորգ եւ Ս. Յակոբ եկեղեցիներու 70 դպիր դպրուհիներու դպրութեան, կիսասարկաւագական եւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն, ձեռամբ՝ թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.